Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

102-րդ տարելից Հայոց Ցեղասպանութեան. Շաբաթօրեայ վարժարաններու համատեղ հսկում-հաւաք

Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10-էն 12, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հայերէնի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմերը, տնօրէնութիւնները եւ ծնողներ հաւաքուած էին Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար, Պրպէնք, համատեղ նշելու Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը։

Հանդիսավարն էր Մայր Տաճարի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» դպրոցի տնօրէն, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան։ Տէրունական աղօթքէն ետք, Լուսինէ Քէհքէճեան (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Փասատինա) հանդէս եկաւ տպաւորիչ սրտի խօսքով։ Ապա, հերթաբար խմբային երգերով ու զուգերգով  ելոյթ ունեցան Իրաքահայերու Միութեան, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ, Սանթա Քլարիթայի դպրոցի, «Երուանդ Պապայեան» դպրոցի եւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ»ու աշակերտ-աշակերտուհիները։

Յայտագրի վերջաւորութեան հարիւրաւոր աշակերտները միասին երգեցին «Հանգչէցէք»ը։

Շաբաթօրեայ վարժարաններու ընդհանուր պատասխանատու Դոկտ. Էլի Անդրէասեան հրաւիրուեցաւ խօսափողին քով, որպէսզի ներկայացնէ օրուան հիւր պատգամաբերը՝ երիտասարդ մտաւորական Մանուկ Աւետիքեանը։ Վերջինս երեխաներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը, կարեւորելով նաեւ յետ եղեռնեան որբահաւաքի դերը։

Հանդիսութեան աւարտին առաջնորդ սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան աղօթքի հրաւիրեց բոլորը, ապա տուաւ օրուան պատգամը։

Եղեռնի յուշարձանին շուրջ զետեղելէ ետք իրենց ծաղիկները, աշակերտները հրաւիրուեցան «Թրբանճեան» հրապարակ, ուր գունաւոր կաւիճներով գծեցին ու նկարեցին օրուան յարմարող պատկերներ։

Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք, բոլոր դպրոցներն ալ ստացան խրախուսական յուշանուէրներ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ