Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մոնթէպելլոյի յուշակոթողի (100+2) ոգեկոչման հիւրերու ի պատիւ ընդունելութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան Լոս Անճելըսի ոգեկոչման Միացեալ Մարմինը, Երեքշաբթի, 25 Ապրիլի երեկոյեան պատշաճ ընդունելութիւն մը նախաձեռնած էր Հոլիվուտի «Գաւառ» ճաշարանէն ներս, ի պատիւ Կիրակի, 23 Ապրիլին Մոնթէպելլոյի յուշակոթողին մօտ խօսք առնող քաղաքս գտնուող երեք հիւրերուն։

Միացեալ Մարմինի համաատենապետ Ժան Գոսաքեանի բացման ողջոյնի խօսքէն ետք, առիթը տրուեցաւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Ուաշինկթընէն յատկապէս ժամանած Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Պրն. Ռոպերթ Աւետիսեանին, Պոլիսէն քաղաքս գտնուող Հրանդ Տինքի իրաւաբան Ֆէթհիէ Չէթինին եւ շուէտաբնակ ասորի ուսումնասիրող պատմաբան Սապրի Աթմանին, իրենց շնորհակալութեան արտայայտութիւնը ընելու լոսանճելըսաբնակ գաղութի ներկայացուցիչներուն։

Երեկոյին ներկայ էին 100-ի հասնող կոչնականներ, որոնք նաեւ ըմբոշխնեցին համաատենապետ ընկեր Դաւիթ Սամուէլեանի ազգային երգերու խանդավառ երգեցողութիւնը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ