Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակ «Նոր Օր»ի. Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի խմբագիրներուն

Կիրակի, 21 Մայիս 2017-ին, Պրպէնքի «Տի Լաքս» սրահին մէջ պիտի նշուի ամերիկահայ ամէնէն երէց թերթերէն՝ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ի 95-րդ տարեդարձը։ Թերթ, որ ծնած է Ֆրեզնոյի մէջ եւ 1964-ին հաստատուած Լոս Անճելըս։ Թերթ, որ 20-րդ դարը ամբողջ շալկեց ուսերուն վրայ եւ կը շարունակէ լոյս բաշխել Արեւմտեան ափի ամերիկահայութեան։

Հայ ժողովուրդին վերջին մէկդարեայ պատմութեան վկան է ան, ուրկէ տողանցեցին հազարաւոր աշխատակիցներ, հարիւր հազարաւոր ընթերցողներ։ Յիշելով նաեւ թերթին մէջքին կանգնած կամաւորներու մեծ բանակը՝ ռամկավար-ազատական շարքայիններու եւ պատասխանատուներու ներդրումը, այսօր, գլուխ կը խոնարհինք մեզմէ յաւէտ բաժնուած «Նոր Օր»ի բոլոր նախկին խմբագիրներուն յիշատակին առջեւ։

95-ամեակին առիթով, յաջորդական թիւերով հակիրճ կենսագրականը պիտի տանք «Նոր Օր»ի նախկին ու կեանքէն հեռացած մեր գործընկերներուն։

***

ԱՐԱՄ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆ

Ծնած է 1882-ին, Չմշկածագ քաղաքի Հազարի գիւղը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ուսումը շարունակած է Պոլսոյ մէջ՝ հետեւելով թրքական համալսարանի իրաւաբանական բարձրագոյն դասընթացքներուն։ 1905-ին անդամ ընտրուած է Ղալաթիոյ Բարձրագոյն դատարանի։ Աւելի ուշ անդամ նշանակուած է Մամուրէթ-իւլ-Ազիզի կուսակալութեան Վճռաբեկ Ատեանին եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ հայկական ջարդերու սկիզբը։

Եղեռնի օրերուն, իր ընտանիքով ապաստան գտած է Տերսիմ, բարեկամ քիւրտերու պաշտպանութեան տակ։ Օգտուելով ռուսական բանակի յառաջխաղացումէն, անցած է Երզնկա, Կարին եւ ապա Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի)։ Որոշ ժամանակ նուիրուած է հազարաւոր արեւմտահայ գաղթականներու հոգածութեան։

Արամ Ամիրխանեան 1919-ին փոխադրուած է Ֆրեզնօ եւ ստանձնած նախ «Նոր Կեանք – Սիսուան» եւ ապա «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը, պաշտօնավարելով մինչեւ 1931։ Խմբագրական եւ հանրային գործունէութեան զուգընթաց գրած ու հրատարակած է հետեւեալ հատորները. «Ռուս-թուրք զինադադար», «Սիրոյ զոհեր» եւ «Հայ ազատագրութեան ճամբին» գործերը։

Ամիրխանեան մահացած է 1933-ի Յուլիս 5-ին, Ֆրեզնօ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ