Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը քննարկած են սուրիահայերու խնդիրները

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ապրիլ 30-ին ընդունած է ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանը Ս. Էջմիածնի մէջ։ Անոնք անդրադարձած են Մայր Աթոռ եւ ՀԲԸՄ արդիւնաւէտ գործակցութեան, քննարկելով համատեղ իրականացուող կրթական եւ ընկերային ծրագիրներու ընթացքը։ Կարեւորած են նաեւ երիտասարդներու հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու նոր սերունդի կրթութեան ուղղուած ծրագիրները։

ՀԲԸՄ-ի նախագահը ներկայացուցած է Միութեան կողմէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ կատարուող աշխատանքները։ Զրոյցին ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնուած է Միջին Արեւելքի հայութեան արտագաղթին մասին, յատկապէս սուրիահայութեան վիճակին՝ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ, յայտնելով, որ զօրակցութիւնը պէտք է շարունակական ըլլայ անոնց հանդէպ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ