Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակ. Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի խմբագիրներուն

ՎԱՀԷ ՀԱՅԿ ԵՒ ԱՂԱՆ ԵՆԿՈՅԵԱՆ

 

Գրող եւ խմբագիր Վահէ Հայկ եղած է «Նոր Օր»ի օգնական խմբագիր 1922-1925 թուականներուն, թերթին առաջին խմբագիր Արամ Ամիրխանեանի տարիներուն։ Յետագային եւս, ան շարունակած է աշխատակցիլ թերթին։

Վահէ Հայկ ծնած է Խարբերդ, 1896-ին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ խմբագրած է «Հայաստանի Կոչնակ»ը եւ «Նոր Կեանք – Արօր»ը, որ յետագային պիտի վերածուէր «Նոր Օր»ի։

Ան հեղինակն է «Հայրենի ծխան» պատմուածքներու հինգ հատորեակին, բազմաթիւ այլ գործերու կողքին։ Մեծարժէք աշխատութիւն է՝ «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը» 1500 էջանի հատորը։ Վահէ Հայկ մահացած է 1983-ին՝ Ֆրեզնօ։

***

Ամիրխանեանի մահէն ետք, 1931-1937, վեց տարիներ թերթին խմբագրութիւնը վարած է Աղան Ենկոյեան։ Ան ծնած է Մուշ։ Որբացած է մանուկ հասակին։ Բարերարներու օգնութեամբ ղրկուած է Պոլիս, ուր աւարտած է Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը։ Զինադադարէն ետք անցած է Միացեալ Նահանգներ, նախ հաստատուելով Սան Ֆրանսիսքօ եւ ապա՝ Ֆրեզնօ, ուր գործած է «Նոր Օր»ի տպարանին մէջ։

Ամուսնանալով թերթին խմբագիր Արամ Ամիրխանեանի դստեր հետ, յետագային, աներհօր մահէն ետք, դարձած է «Նոր Օր»ի խմբագիր՝ մինչեւ 1937, երբ թերթը վերադարձուած է ՌԱԿ-ին, դառնալով անոր Քալիֆորնիոյ պաշտօնաթերթը։ Թերթը, պարտքերու պատճառով, 1925-ին կուսակցութենէն գնած էր Արամ Ամիրխանեան, սակայն հաւատարմօրէն հետեւած կուսակցութեան ուղեգիծին։

Ենկոյեան թերթին գրաշարութիւնն ու առաքման աշխատանքներն ալ կատարելուն կողքին, ուսումնասիրած է հայ ազատագրական պայքարի դէպքերն ու դէմքերը։ Ունեցած է հարուստ գրադարան մը, որ նուիրած է Հայաստանի Ազգային Գրադարանին։

Հրատարակած է «Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ» եւ «Պատասխանատուներ Տարօնի եղեռնին» հատորները։ Գործածած է Աղան Տարօնեցի գրչանունը։

Աղան Ենկոյեան մահացած է 1976-ին, Ֆրեզնոյի մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ