Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ երեւոյթը պատերազմի սեմին Պայքարելով Չինաստանի դէմ. ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ

Քուպայի տագնապէն ասդին, Հոկտեմբեր 2017 թուականն է։ Ըստ մասնագէտներու, յոռեգոյն վտանգաւոր ճակատումն է հիւլէական զինանոց ունեցող երկու երկիրներու միջեւ։ Չինաստան – Մ. Նահանգներ առեւտրական պատերազմ մը յառաջացած է, երբ ծանր բախումներ պատահած են Հարաւային Չինաստանի ծովուն վրայ, երկու կողմերու՝ ամերիկեան ու չինական նաւերու միջեւ, երկուստեք մահեր պատճառելով։ Շշուկներ կան, որ Չինաստան իր հիւլէակիր ուժերը ահազանգային վիճակի մէջ դրած է։ Ճակատումը, որմէ շատեր կը սոսկային, ընթացք առած է։

Ընտրապայքարի ընթացքին, եւ ընտրուելէ ետք, օտար թիրախներէն առաջնայինը զոր նախագահ Թրամփի քննադատութեան արժանացած էր, Չինաստանն էր։ Այս վերջինը կ՚ամբաստանուէր ամերիկեան գաղտնիքներու գողութեամբ ու գործերու կորուստով։ Պենըն, Մարտ 2016-ին, մինչեւ իսկ պատերազմ նախատեսած էր յառաջիկայ 5-10 տարիներուն։ Թրամփ, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին Թայուանի նախագահին հետ, յայտնեց թէ «մէկ Չինաստան» քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթակայ պիտի ըլլար, եթէ Չինաստան զիջումներ չկատարէր առեւտրական շուկայէն ներս։

Անցեալ Փետրուարին, Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփինի հետ հեռաձայնային խօսակցութենէ մը ետք, Թրամփ յայտարարեց, թէ Մ. Նահանգներ պիտի յարգէր «մէկ Չինաստան» քաղաքականութիւնը։ Ասիոյ մասնագէտները գոհ էին, որ տագնապ չստեղծուեցաւ, բայց նախագահ Թրամփ մոլեգնած էր ձգուած ա՛յն տպաւորութենէն, թէ ինք տեղի տուած էր այս առաջին դէպքով Չինաստանի հետ, եւ այսուհետեւ պիտի նկատուէր «թուղթէ վագր» մը։

Բախումի հաւանականութեան այլ դէպքեր ալ պիտի հետեւէին։ Պետական քարտուղարութեան պաշտօնին համար թեկնածու Ռեքս Թիլլըրսընի ունկնդրութեան, այս վերջինը յայտարարեց, թէ Հարաւային Չինական ծովուն մէջ պիտի արգիլուէր հոն գտնուող կղզիներուն վրայ Չինաստանի մատչումը (access)։ Իբրեւ հակադարձութիւն այս յայտարարութեան, պետական օրկան «China Daily»ն կը զգուշացնէր, թէ վերոյիշեալ քաղաքականութեան գործադրութիւնը կրնար առաջնորդել «լայնատարած ճակատումի», իսկ «Global Times»ի գնահատումով՝ «ծաւալուն պատերազմի»։

Հիւսիսային Քորէայի հարցով, Չինաստան համակարծիք էր ՄԱԿ-ի կողմէ առնուած որոշումին, որ կը դատապարտէր այդ երկրին կողմէ հեռարձակ հրթիռներու փորձարկումը, կամ հիւլէական զէնքերու պատրաստութիւնը։ Սակայն, անկէ անդին, Չինաստանի նախագահը կը նկատէր, թէ Ամերիկա աւելի մեծ վտանգ մը կը ներկայացնէ, եւ հետեւաբար կը մերժէր որեւէ սպառնալիք Ուաշինկթընի կողմէ։

Ազգայնական պոռթկումներ, կամ առեւտրական ու զինուորական հակադարձ միջոցառումները երկու երկիրներու միջեւ, պիտի առաջնորդէին համատարած բախումի, ներքաշելով նաեւ դրացի երկիրները յառաջանալիք պատերազմին մէջ։ Մինչդեռ Թրամփին ուզածը առեւտրական աւելի նպաստաւոր ու շահաբեր պայմաններ ձեռք ձգել էր իր երկրին համար։

 

Յաջորդ քորէական պատերազմը

Ենթադրենք, թէ Դեկտեմբեր 2018-ն է։ Հարաւային Քորէան ծանր ռմբակոծումի ենթարկած է Սէուլը, պատճառելով հազարաւոր մահեր։ Ամերիկան եւ հարաւ-քորէական ուժերը, փոխադարձ պաշտպանողական դաշնագրի հիման վրայ, ցամաքային եւ օդային ռմբակոծումներու ենթարկած են Հիւսիսային Քորէայի զինուորական դիրքերը, ինչպէս նաեւ օդային պաշտպանութեան կառոյցը, ներառեալ՝ հեռարձակ հրթիռներու կայանը, ուրկէ Փիոնկ-Եանկ հիւլէակիր հրթիռներով կրնար ենթադրաբար ռմբակոծել Մ. Նահանգներու ցամաքամասը։ Հասած է այն պահը, երբ Թրամփ պիտի վճռէ շարունակելու պատերազմը, աչքի առնելով հիւլէական զինուորական բախումի մագլցում մը։ Իր խորհրդականներէն ոմանք կը պնդեն վերջացնել գործը, իսկ ուրիշներ զգուշացնելով, որ նման քայլ մը պիտի վտանգէր քորէական Թերակղզիին վրայ գտնուող 28,000 ամերիկացի զինուորներէն շատերուն կեանքը, տակաւին նկատի ունենալով նաեւ մայրաքաղաք Սէուլի 10 միլիոն քորէացի բնակչութիւնը։

 

Սակայն ինչո՞ւ հոս պիտի հասնէր հարցը

1994-ին, համաձայնութիւն մը գոյացած էր Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրը կասեցնելու համար։ Բայց 2003-ին, երբ Փիոնկ-Եանկի խարդախութիւնը բռնուեցաւ, Ճորճ Ու. Պուշ աւելի կարծր պատժամիջոցներ հաստատեց։ Բանակցութեանց բազմաթիւ փորձեր անարդիւնաւէտ մնացին։ Ըստ մասնագէտներու, 2017-ին, Փիոնկ-Եանկ արդէն երկոտասնեակէ մը աւելի հիւլէական ռազմամթերանոցներ ունէր։ Նաեւ, հաւանաբար, հիւլէական հեռավար հրթիռներ, որոնք հասանելի էին Ասիոյ մէջ որեւէ թիրախի, մինչեւ իսկ՝ Մ. Նահանգներ մինչեւ 2023-ին։

Բազմաթիւ մասնագէտներ ու պետական նախկին պաշտօնատարներ, թախանցեցին Թրամփի, որ բանակցութեանց ձեռնարկէ Հիւսիսային Քորէայի հետ, տնտեսական եւ ապահովական գրաւիչ միջոցառումներ առաջարկելով, փոխան՝ հիւլէական նախաձեռնութեանց դադարեցումին ու փորձարկութեանց, անշուշտ Չինաստանի ալ օժանդակութիւնը հայցելով։

Սակայն Թրամփի վարչակազմը նախընտրեց ճակատումի քաղաքականութիւնը։ Փետրուար 2019-ին, Փիոնկ-Եանկ փորձարկեց 310 մղոն հեռաւորութեան հասնող հրթիռ մը Ճափոնի ծովուն մէջ։ Թրամփի երէց խորհրդականներէն Սթիֆըն Միլըր յայտարարեց զինուորական անդիմադրելի զօրուժի կեդրոնացում Հիւսիսային Քորէայի դիմաց։ Միաժամանակ, Թրամփ յայտարարեց 54 պիլիոնի յաւելում ամերիկեան պաշտպանողական ծրագրին՝ 2018 տարուան համար։ Նոյն տարուան ամրան, Սպիտակ Տունը որդեգրեց Հիւսիսային Քորէայի վրայ ճնշում բանեցնելու քաղաքականութիւնը՝ Չինաստանի միջոցով։ Իսկ եթէ անկարելի ըլլար անոր հետ գործակցութիւնը, մաքսատուրքերը պիտի բարձրանային, որպէսզի Պեճինկ չշարունակէ տնտեսապէս «լլկել» Մ. Նահանգները։

Այս ընթացքով հակամարտութիւնը պիտի աւելնար Թրամփի իշխանութեան առաջին տարիներուն։ Հիւսիսային Քորէա պարբերաբար պիտի կատարէր ռմբակոծումները ապառազմականացած (demilitarized) գօտիէն անդին։ Բառերու կռիւը Փիոնկ-Եանկի եւ Ուաշինկթընի միջեւ պիտի մագլցէին։ Թրամփ Twitter-ի միջոցով պիտի ազդարարէր, թէ Փիոնկ-Եանկի հիւլէակիր հրթիռները պիտի չկարենային հասնիլ Ամերիկա։ Երբ զգացին, թէ Քիմ Ժեն Ուն մտադիր է գործածելու հիւլէակիր հրթիռներ, նախընտրելի նկատուեցաւ արձակելէ առաջ զանոնք փճացնել իրենց կայանին մէջ հեռավար հրթիռներով։

 

Սորվելով անցեալէն

Ապագայի վերոյիշեալ վախազդեցիկ հեռանկարները հեռու են անխուսափելի ըլլալէ։ Արդարեւ, այդ բոլոր խոստումները խզուելու անցեալին հետ, ամերիկեան քաղաքականութիւնը այդչափ ալ յեղափոխական կամ անզգոյշ պիտի չըլլար, ինչպէս շատեր կը վախնան։ Նախագահ Թրամփ արդէն ապացուցանեց իր կարողութիւնը ուղղութիւն փոխելու առանց խղճահարութեան՝ շատ մը հարցերու մէջ։ Իր խելամիտ խորհրդականները կրնան չափաւորել իր վարմունքը։

Նկատի ունենալով Պրն. Նախագահին խառնուածքը, որոշում կայացնելու ոճը, եւ արտաքին քաղաքականութեան ըմբռնումը, այն հեռանկարները թէ ինչ պիտի պատահի, աննախատեսելի են. արտաքին քաղաքականութեան մէջ աղէտներ կրնան պատահիլ։ Նախընթաց օրինակները մէկէ աւելի են. Ա. Համաշխարհային Պատերազմին, 1965-ի Վիեթնամի հակամարտութեան եւ 2003-ի իրաքեան արշաւանքին համատարած աւերները ծանօթ են բոլորին։ Իւրաքանչիւր պարագային անմիտ որոշումներ, թերի գործարկութիւն ու բաղձալի մտածողութիւն առաջնորդած են աղէտի, եւ որոնք սակայն կրնային կանուխէն նախատեսուիլ։

Թերեւս նախագահ Թրամփ իրաւացի է, որ զինուորական ակնառու զօրացում մը, իր անգուշակելի համբաւ ունենալը, բանակցելու ոճը, պիտի մղեն այլ երկիրներ զիջումներ կատարելու, ի նպաստ Մ. Նահանգներու ապահովութեան ու բարգաւաճման։

Բայց եւ այնպէս, նաեւ, սխալ կամ վնասաբեր է նման վարքագիծ մը։

 

 

(Շար. 2 եւ վերջ)

Ազատ թարգմանութիւն՝ յապաւումներով

“Foreign Affairs”, Մայիս-Յունիս 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ