Ինչպէս նախորդ տարիներուն, ուսումնական այս տարեշրջանին նոյնպէս ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մարզական տարբեր խումբերը, եւ մանաւանդ ֆութպոլի (սոքըր) տարիքային բոլոր խումբերը մէկը միւսը գերազանցելով KAHAM-ի եւ Independence League-ի մրցաշարքերուն գերազանց հանդէս եկան, խլելով առաջին տեղը ընդհանուր խմբային առաջնութիւններուն մէջ։ CIF-ի մրցաշարքին հասան երկրորդ հանգրուան: Independence League-ի մրցումները տեղի ունեցան Նոյեմբեր-Փետրուար ամիսներուն, իսկ KAHAM-ի խաղերը (Մանկապարտէզէն 8-րդ դասարաններու միջեւ) աւարտեցան Մարտ 19-ին։ Նշենք, որ ֆութպոլի խումբերուն գլխաւոր մարզիչն է վարժարանիս երկարամեայ նուիրեալ մարզիչներէն Տիգրան Հեքիմեանը, իսկ Հայ Սքուլի անյաղթ խումբին մարզիչն է՝ Մարտիկ Միրիկեան։ Կը շնորհաւորենք բոլոր մարզիչներն ու մարզիկները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։
Հսկայական յաջողութիւններ արձանագրուեցան KAHAM-ի խաղերուն, ուր տարիքային տարբեր խումբեր գրաւեցին մրցանակային տեղեր փինկ-փոնկի, վազքի, ճատրակի, վոլիպոլի, պասքէթպոլի եւ ֆութպոլի մրցաշարքերուն մէջ։
– Երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք, Հայ Սքուլի աղջիկներու ֆութպոլի (սոքըր) խումբը Independence League-ի մրցաշարքին գերազանց հանդէս եկաւ եւ գրաւեց պատուաւոր երկրորդ տեղը, CIF-ի խաղերուն հասան փլէյօֆ-ի մրցումներուն՝ մարզիչ Ռոլանտ Նահապետեանի գլխաւորութեամբ:
– Պասքէթպոլի տղոց խումբը գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ ՄՏՎ Մարզական բաժանմունքի տնօրէն Սուրէն Արզումանեանի եւ աւագ մարզիչ Գէորգ Գէորգեանի, այս տարի CIF-ի մրցաշարքին հասան մինչեւ փլէյօֆի երրորդ հանգրուան, մինչեւ կիսաեզրափակիչ (semifinal)։ Կը շնորհաւորենք մեր մարզիկներուն այս մեծ յաջողութիւնը։
– Ամերիկեան ֆութպոլը նոյնպէս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ դպրոցէն ներս, ուր այս տարի մարզիչ Ճէք Քէշիշեանի առաջնորդութեամբ Coastal League-ի մրցաշարքի ախոյեան հանդիսացաւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տղոց խումբը։ Անոնք առաջին անգամ ըլլալով շահեցան ախոյեանութիւնը յաղթելով բոլոր 12 մրցումները՝ 12-0 գերազանց արդիւնքով: Նախորդ տարեշրջանին մեր տղաքը հասած էին մինչեւ աւարտական մրցում, ուր երկու կէտով կորսնցուցած էին առաջնութիւնը: Կը շնորհաւորենք:
– Անհատական մրցաշարքներէ ներս, Թիֆընի Փափազեան շահեցաւ թենիսի ախոյեանութիւնը, մարզիչ Արթուր Թունեանի գլխաւորութեամբ։
ՀԲԸՄ ՄՏՎ-էն ներս մարզական կեանքը եռուն է ամբողջ տարուան ընթացքին. մարզանքի դասերուն կողքին, մեր տիտաններու՝ “Titans”, բազմաթիւ տարիքային խումբեր կը գործեն դպրոցէն ներս տասէ աւելի մարզիչներու խնամքին տակ։ Դպրոցը ունի պասքէթպոլի, ֆութպոլի, ամերիկեան ֆութպոլի, վոլիպոլի, վազքի (քրոս-քաունթրիի), թեթեւ-աթլեթիքայի, կոլֆի, ճատրակի, փինկ-փոնկի, սոֆթպոլի, թենիսի խումբեր, որոնք կը մասնակցին Սան Ֆերնանտօ հովիտի սեփական դպրոցներու ախոյեանութիւններուն։ Դպրոցը ունի նաեւ քաջալերող մարզուհիներու տարիքային երկու խումբեր (Cheer squads), իսկ մարզական ծնողական յանձնախումբը՝ Booster Club-ը, ամէն ձեւով նեցուկ կը կանգնի մեր մարզիկներուն։
Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները մրցանակակիր բոլոր խումբերուն, մարզիչներուն եւ ծնողներուն, որոնց մշտական ուշադրութեան եւ աշխատանքին պտուղն են մեր մարզիկներուն յաջողութիւնները։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ