Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մարզական յաջողութիւնները

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, ուսումնական այս տարեշրջանին նոյնպէս ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մարզական տարբեր խումբերը, եւ մանաւանդ ֆութպոլի (սոքըր) տարիքային բոլոր խումբերը մէկը միւսը գերազանցելով KAHAM-ի եւ Independence League-ի մրցաշարքերուն գերազանց հանդէս եկան, խլելով  առաջին տեղը ընդհանուր խմբային առաջնութիւններուն մէջ։ CIF-ի մրցաշարքին հասան երկրորդ հանգրուան: Independence League-ի մրցումները տեղի ունեցան Նոյեմբեր-Փետրուար ամիսներուն, իսկ KAHAM-ի խաղերը (Մանկապարտէզէն 8-րդ դասարաններու միջեւ) աւարտեցան Մարտ 19-ին։ Նշենք, որ ֆութպոլի խումբերուն գլխաւոր մարզիչն է վարժարանիս երկարամեայ նուիրեալ մարզիչներէն  Տիգրան Հեքիմեանը, իսկ Հայ Սքուլի անյաղթ խումբին մարզիչն է՝ Մարտիկ Միրիկեան։ Կը շնորհաւորենք բոլոր մարզիչներն ու մարզիկները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Հսկայական յաջողութիւններ արձանագրուեցան KAHAM-ի խաղերուն, ուր տարիքային տարբեր խումբեր գրաւեցին մրցանակային տեղեր փինկ-փոնկի, վազքի, ճատրակի, վոլիպոլի, պասքէթպոլի եւ ֆութպոլի մրցաշարքերուն մէջ։

– Երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք, Հայ Սքուլի աղջիկներու ֆութպոլի (սոքըր) խումբը Independence League-ի մրցաշարքին գերազանց հանդէս եկաւ եւ գրաւեց պատուաւոր երկրորդ տեղը, CIF-ի խաղերուն հասան փլէյօֆ-ի մրցումներուն՝ մարզիչ Ռոլանտ Նահապետեանի գլխաւորութեամբ:

– Պասքէթպոլի տղոց խումբը գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ ՄՏՎ Մարզական բաժանմունքի տնօրէն Սուրէն Արզումանեանի եւ աւագ մարզիչ Գէորգ Գէորգեանի, այս տարի CIF-ի մրցաշարքին հասան մինչեւ փլէյօֆի երրորդ հանգրուան, մինչեւ կիսաեզրափակիչ (semifinal)։ Կը շնորհաւորենք մեր մարզիկներուն այս մեծ յաջողութիւնը։

– Ամերիկեան ֆութպոլը նոյնպէս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ դպրոցէն ներս, ուր այս տարի մարզիչ Ճէք Քէշիշեանի առաջնորդութեամբ Coastal League-ի մրցաշարքի ախոյեան հանդիսացաւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տղոց խումբը։ Անոնք առաջին անգամ ըլլալով շահեցան ախոյեանութիւնը յաղթելով բոլոր 12 մրցումները՝ 12-0 գերազանց արդիւնքով: Նախորդ տարեշրջանին մեր տղաքը հասած էին մինչեւ աւարտական մրցում, ուր երկու կէտով կորսնցուցած էին առաջնութիւնը: Կը շնորհաւորենք:

– Անհատական մրցաշարքներէ ներս, Թիֆընի Փափազեան շահեցաւ թենիսի ախոյեանութիւնը, մարզիչ Արթուր Թունեանի գլխաւորութեամբ։

ՀԲԸՄ ՄՏՎ-էն ներս մարզական կեանքը եռուն է ամբողջ տարուան ընթացքին. մարզանքի դասերուն կողքին, մեր տիտաններու՝ “Titans”, բազմաթիւ տարիքային խումբեր կը գործեն դպրոցէն ներս տասէ աւելի մարզիչներու խնամքին տակ։ Դպրոցը ունի պասքէթպոլի, ֆութպոլի, ամերիկեան ֆութպոլի, վոլիպոլի, վազքի (քրոս-քաունթրիի), թեթեւ-աթլեթիքայի, կոլֆի, ճատրակի, փինկ-փոնկի, սոֆթպոլի, թենիսի խումբեր, որոնք կը մասնակցին Սան Ֆերնանտօ հովիտի սեփական դպրոցներու ախոյեանութիւններուն։ Դպրոցը ունի նաեւ քաջալերող մարզուհիներու տարիքային երկու խումբեր (Cheer  squads), իսկ մարզական ծնողական յանձնախումբը՝ Booster Club-ը, ամէն ձեւով նեցուկ կը կանգնի մեր մարզիկներուն։

Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները մրցանակակիր բոլոր խումբերուն, մարզիչներուն եւ ծնողներուն, որոնց մշտական ուշադրութեան եւ աշխատանքին պտուղն են մեր մարզիկներուն յաջողութիւնները։

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ