Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Մայիս 9-ի յաղթական Եռատօնը մեր ժողովուրդին թող բաշխէ հաւատք, յոյս եւ սէր

Համայն հայութիւնը Մայիս 9-ին յիշեց, նշեց ու հպարտացաւ Մայիսեան Եռատօնով։ Տօն՝ ուր միացած են 1945-ի Հայրենական մեծ պատերազմի (Բ. Համաշխարհային Պատերազմի), 1992-ի Շուշի քաղաքի ազատագրութեան եւ Արցախի հերոսական բանակի ստեղծման օրերը։

 

1945-ին, 600 հազար հայեր, տարբեր ռազմաճակատներու վրայ կռուած ու յաղթած են։ Հայութիւնը հպարտ է իր չորս մարշալներով՝ Բաղրամեան, Բաբաջանեան, Խուդիակով (Խամփերեանց) եւ Աղանով, ինչպէս նաեւ ԽՍՀՄ-ի մէկ ծովակալով՝ Իսակով։ 70 հազար հայ մարտիկներ պարգեւատրուած են մարտական շքանշաններով ու մետալներով, 27 շարքային զինուոր դարձած է փառքի շքանշանակիր, 104 մարդ արժանացած է Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչումի։ Օդաչու Նելսոն Ստեփանեանը արժանացած է Խ. Միութեան կրկնակի հերոսի կոչումի։

Յիշե՛նք ու տէրը ըլլանք մեր պատմութեան։

***

Մայիս 9-ը նաեւ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձն է՝ 25-ամեակ։ Այդ օր,  առաւօտեան ժամերուն, հայկական ջոկատները յաջողութեամբ աւարտեցին «Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը։ Շուշին բացաւ յետագայ յաղթանակներու ուղին։ Ինչո՞ւ «Հարսանիք լեռներում». անունը կապուած է այդ օրերուն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի կողմէ անիրագործելի կարծուող Շուշիի ազատագրութեան մարտական ծրագիրին հետ, որ ներկայացուած էր զօրավարներ Արկադի Տէր Թադեւոսեանի (Կոմանդոս) եւ Սամուէլ Բաբայեանի կողմէ։ Սարգսեան կը մտածէր, թէ կանուխ է եւ նման ծրագիրի մը համար պէտք էր լաւ պատրաստուիլ։ Սակայն անոնք ծրագրած էին Շուշին գրաւելէ ետք լեռներուն վրայ կազմակերպել յետագային զոհուած՝ Վազգէն Սարգսեանի հարսանիքը։ Միաժամանակեայ չորս յարձակումներով սկսած է գրոհը ատրպէյճանցիներու ձեռքէն ազատագրելու համար Շուշին։ Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւելէ եւ Լաչին-Շուշի ճամբան վերահսկելէ ետք, հայկական զօրքը կը մտնէ Շուշի եւ 1992-ի Մայիս 9-ի առաւօտեան բերդաքաղաքի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ աւերուած գմբէթին վրայ կը ծածանի հայոց յաղթական եռագոյնը։ Այս՝ նորանկախ Հայաստանի պատմութեան ամենափառաւոր էջերէն մէկն է։

***

Մայիս 9-ը կը նշուի նաեւ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի ստեղծման տարեդարձի օր. ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը պաշտօնապէս ստեղծուած է 5 Մայիս 1992-ին, միաւորելով 1990-ին գործող իրարմէ անջատ ինքնապաշտպանական ռազմական միաւորումները։ Ներկայիս, Արցախի զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայեն 20 հազար սպաներ եւ զինուորներ։

***

Եւ… 25-ամեակ է այսօր՝ անցած է քառորդ դար։ Մենք, ականատես վկաներն ու մասնակիցն ենք Հայոց Պատմութեան 20-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 21-րդ դարասկիզբի իրադարձութիւններուն։ Մենք յաղթանակ կերտած այս սերունդին մէկ մասնիկն ենք, մասնակիցն ենք՝ թէկուզ պարզապէս հայօրէն ապրելով, մեր ամենաչնչին մասնակցութիւնը բերելով հայրենաշինութեան սրբազան գործին։ Մենք, սփիւռքահայ թէ հողի ծնունդ, կ՚ապրինք, կը շնչենք Հայաստանով ու Արցախով, եւ Մայիսեան փառաւոր այս Եռատօնը հպարտութեան դրական լիցքեր կը հաղորդէ մեզի, վերանորոգելով մեր յոյսը, հաւատքն ու սէրը մեր հողին ու ժողովուրդին նկատմամբ։ Ըլլանք ներող, սիրող, պայքարող, անկաշառ ու մասնակիցը Հայաստանի նորագոյն երթին. երթ՝ դէպի աւելի՛ պայծառ, աւելի՛ ժողովրդավար, աւելի՛ արդար եւ աւելի՛ հզօր Մայր Հայաստան, իր Արցախով ու Սփիւռքով մէկացած։

Հազա՛ր յարգանք Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի մեր բազմահազար զոհերու յիշատակին,

Հազա՛ր յարգանք Արցախեան ճակատներուն վրայ ինկած քաջարի հայորդիներուն անթառամ յիշատակին, եւ

Հազա՛ր «կեցցէ»ներ Շուշին ու Արցախը ազատագրած հայ կամաւորականներուն եւ զինուորներուն, որոնք մինչեւ այսօր, այս պահուն իսկ կը հսկեն Արցախի եւ Հայաստանի սահմանները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ