Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ կառավարութեան

ԱՄՆ-ը մտահոգութիւն յայտնած է Երեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին առջեւ պատահած բռնութեան առիթով, ուր ներգրաւուած էին Թուրքիոյ անվտանգութեան աշխատակիցները։ Խօսքի ազատութեան բռնութեամբ անձագանգելը սխալ է։ Մենք կը սատարենք մարդու ազատ ինքնարտայայտման եւ խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքին։ Միացեալ Նահանգներ իր խստագոյն մտահոգութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ կառավարութեան։

Նշենք, թէ Երեքշաբթի օր Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին դիմաց, ցոյցի ընթացքին ինը մարդ վիրաւորուած է։ Ձերբակալուած է երկու հոգի։ Բախումը տեղի ունեցած էր Թրամփ-Էրտողան հանդիպումէն քանի մը ժամ ետք։ Իշխանութեան կողմ եւ դէմ ցուցարարներու հրմշտոցին մասնակցած են նաեւ Էրտողանի թիկնապահները։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ