Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

Գրող, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Անդրանիկ Փոլատեան ծնած է Գրըքխան, Ալեքսանտրէթի շրջան, 1929-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ 1950-ին աւարտած է ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան  Կրթական Հաստատութեան  Վարաժապետանոցի բաժինը, իսկ 1954-ին վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեան  Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով։ Նոյն տարին փոխադրուելով Միացեալ Նահանգներ՝ նուիրուած է կուսակցական, միութենական, խմբագրական եւ գրական կեանքին։

1954-55 խմբագրած է Պոսթոնի «Պայքար» օրաթերթը, իսկ «Նոր Օր»-ի խմբագիր նշանակուած է 1957-1958-ին։ Այդ տարիներէն մինչեւ 1993 պաշտօնավարած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն ներս, շուրջ քառասուն տարի վարելով միութեան «Յուշարար-Միութիւն» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը։

Մելգոնեանի ուսանողական տարիներէն, ապա Պէյրութի մէջ եւ Միացեալ Նահանգներ, աշխատակցած եւ մաս կազմած է տարբեր թերթերու խմբագրական կազմերու։

1983-1995 եղած է Մարաշի Հայրենակցական Միութեան  ատենապետը։

1971-1979 ատենապետած է ԹՄՄ-ի Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան։

Ընկեր Փոլատեան խմբագրած է «Պատմութիւն Արաբկիրի հայոց» հազար հարիւր էջանի ստուարածաւալ հատորը, ինչպէս նաեւ հեղինակն է «Խրիմեան Հայրիկ»՝ (հայերէն եւ անգլերէն լեզուով կենսագրական եւ գրական ուսումնասիրութիւն),  «Հերկ եւ բերք» (դէմքեր, խոհեր, խմբագրականներ, հանդիպումներ) եւ Շահան Շահնուրին նուիրուած հատորի մը։

Մահացած է 2005-ին, Նիւ Ճըրզի։

Անդրանիկ Փոլատեան կը մնայ մեծ հայրենասէր, ռամկավար-ազատական գաղափարախօս ու հայերէնի հմուտ գիտակ այն հայը, որ ամբողջ կեանք մը պայքարեցաւ իր գրիչով եւ մեզի կտակեց արժէքաւոր հատորներ, կարճ շրջան մըն ալ վարելով «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ