Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Օր»՝ զարկերակը իր ժամանակի. «ՆՈՐ ՕՐ»-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի արեւմտեան ափի պաշտօնաթերթը հանդիսացող «Նոր Օր»-ը 95-ամեայ երկար ճանապարհորդութեան մը կրողն է, իր ուսին վերցնելով նախ՝ Ֆրեզնոյի եւ ապա՝ Լոս Անճելըսի հայաշատ գաղութներուն  մէկդարեայ հարուստ անցեալը, լուսաբանելով եւ արձագանգելով ազգային թէ միջազգային անցուդարձերուն։

Բարձր հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ նախագահութեամբ ընկերուհի Անի Սարգիսեանի՝ ի յիշատակ իր ամուսնոյն, Ընկ. Էտմոն Սարգիսեանի, Կիրակի, Մայիս 21-ի երեկոյեան փառաշուք տօնակատարութեամբ տեղի ունեցաւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը՝ Պրպէնքի «Տի Լաքս» շքեղ սրահին մէջ։

«Նոր Օր»-ի մնայուն հաւատաւորներու, կուսակցական եւ միութենական բարեկամներու կողքին, ներկայ էին «Նոր Օր»-ի անցեալի խմբագիրներ, աւագ աշխատակիցներ, վեթերան կուսակցական ընկերներ, տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Գէորգ Գրիգորեան։

Ներկաները լուսապաստառի վրայ դիտեցին «Նոր Օր»-ի 95-ամեայ ուղին, ծանօթացան անցնող տասնամեակներու խմբագիրներուն եւ թերթին զարգացումներուն՝ որ եղաւ ու կը շարունակէ մնալ զարկերակը իր ժամանակի։

Ապա, հանդիսավար, խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեան հրաւիրեց ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը, փոխանցելու ողջոյնի իր խօսքը (տեսնել առանձին)։ Ան, իր հերթին, հրաւիրեց թեմիս ամենահաս ու ժրաջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, որ արժեւորեց 95-ամեայ «Նոր Օր»-ին անցեալն ու ներկան, անոր խմբագիրներն ու թերթին ետին կանգնող ՌԱԿ-ը։

Երեկոն խանդավառեց «Նոր Օր»-ի մնայուն բարեկամ, ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան անդամ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան, ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի։ Սամուէլեան, ինչպէս միշտ, իր ազգային թէ այլ երգերով ոտքի պահեց հայրենասիրական կրակը ներկաներուն մէջ։ Նոյնպէս՝ Գօգօ Պոյաճեան «Զանգեզուր» նուագախումբին ընկերակցութեամբ ճոխացուց երեկոն իր հայկական, յունական եւ այլազան երգերով։

Թերթիս մնայուն հոգատար Տոքթ. եւ Տիկ. Գէորգ եւ Սէսիլ Քէշիշեանները միշտ եղած են «Նոր Օր»-ի կողքին։ Այս անգամ, Տիկ. Սէսիլ Քէշիշեան հրաւիրուեցաւ, որպէսզի յուշանուէրով եւ ծաղկեփունջով պատուէ օրուան նախագահուհին՝ Տիկ. Անի Սարգիսեանը։ Տիկ. Սարգիսեան, ինչպէս անցեալին, վերջին տարիներուն իր պատուական մասնակցութիւնը կը բերէ մեծապէս քաջալերելով հայ մամուլը։ Ան այս տարի նոյնպէս, աւելի քան տասը հազար տոլարով մասնակցեցաւ «Նոր Օր»-ի նուիրահաւաքին, որուն համար կը յայտնենք մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները։ 

Հրաւիրուեցաւ նաեւ AIWA-ի՝ հայ կանանց միջազգային կազմակերպութեան արեւմտեան Ամերիկայի պատասխանատուներէն, թերթիս մնայուն այլ բարեկամուհի մը՝ Տիկ. Սիլվա Քաջիկեանը, որպէսզի ծաղկեփունջով պատուէ տիկին մը, որ իր նուիրաբերած ժամանակով ու կամաւոր աշխատանքով արժանի է աւելիին. Մայտա Ալթունեան։

Ապա, հրաւիրուեցան «Նոր Օր»-ի այսօրուան սիւնը կազմող նախկին խմբագիրներ, ներկայիս աւագ աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ Տիկ. Նազիկ Գոճայեանը եւ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը, որպէսզի հատեն 95-ամեակի խորհրդանշական կարկանդակը։ Օշին Քէշիշեան սրտաբուխ ելոյթ մը ունեցաւ, կարեւորելով հայ մամուլին դերը, «Նոր Օր» նուիրելու բարի աւանդոյթը։

Այս առիթով, հրատարակուած էր գրքոյկ մը, ուր զետեղուած էին 95-ամեակի բոլոր նուիրատուներուն անունները։ Այդ ցանկը այդ երեկոյ հարստացաւ նաեւ նոր անուններով, որոնց բոլորին կը յայտնենք մեր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը (ամբողջական ցուցակը լոյս պիտի տեսնէ յետագային)։

Գրքոյկին մէջ հրատարակուած էր նաեւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան գիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորագիրը (տեսնել առանձին)։

Յատուկ շնորհակալութիւններ Տէր եւ Տիկ. Արա Ասիլեաններուն, որոնք նուիրած էին «Նոր Օր»ի յիշատակի շապիկներ, կարկանդակի նուիրատու՝ «Անուշավաճառ Վրէժ»ին, հրաւիրեալներուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, գլխաւորութեամբ տիպար ընկերոջ մը, որ կը կոչուի Դաւիթ Սամուէլեան։

Շնորհաւորութիւններ բոլորին եւ բարի երթ ամերիկահայ ամենատարեց թերթերէն «Նոր Օր»-ին, դէպի պանծալի հարիւրամեակ։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ