Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան, Մայիս 24-ին, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսացութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին (ատենապետ): Պատուիրակութեան մաս կազմեցին փոխատենապետ՝ ընկ. Լեւոն Պլըխեանը, խորհրդականներ՝ ընկ.հի Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը եւ ընկերներ Հրայր Հովիւեանն ու Ալեքսան Գարատանայեանը, ինչպէս նաեւ վարչութեան գործակից անդամ՝ ընկ. Հայկ Լեփեճեանը (Աւստրալիա):

Ողջունելով ՌԱԿի պատուիրակութիւնը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց որպէս հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններէն մին՝ ՌԱԿի հայանպաստ ու ազգանուէր գործունէութիւնը:

Քննարկուեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՌԱԿ-ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման, ՌԱԿ ներքին խնդիրներու կարգաւորման եւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սերխիօ Նահապետեան այս օրերուն Հայրենիք կ՛այցելէ մասնակցելու Մայիսի 26-ին եւ 27-ին Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութեան խորհուրդի նիստին, որպէս ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ-խորհուրդի անդամ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ