Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակ Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի խմբագիրներուն. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ եւ ՊԵՏՐՈՍ ՓԱՊՈՒՃԵԱՆ

«Նոր Օր»ի խմբագիրներուն յաջորդը ծնունդով եգիպտահայ Նուպար Պէրպէրեանն է։ Ինչպէս իր նախորդը՝ Անդրանիկ Փոլատեան, Պէրպէրեան նոյնպէս կարճ շրջան մը վարեց «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը։ Տարիները՝ 1958-1960։ Թերթը, որ 1937էն՝ Անդէասեանի օրերէն լոյս կը տեսնէր որպէս պաշտօնաթերթը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Քալիֆորնիոյ շրջանակին,  1945-ի Յունուար 1ին  ՌԱԿ Շրջանային վարչութիւնը կը դառնայ սեփականատէրը թերթին եւ տպարանին։ Իսկ 1947ի Յունուար 3ին, «Նոր Օր» կը վերածուի եռօրեայի։

Պէրպէրեան, 36 տարեկան երիտասարդ, կը ստանձնէ թերթին պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը, մինչեւ Արեւելեան ափ գործուղղուիլը։ Մինչ այդ, ան իրաւաբանի իր վկայականը ստացած է Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի մէջ։

Կուսակցական աշխոյժ կեանք մը ունեցած է, բեղուն գրիչ, աշխատակցելով ՌԱԿ-ի բոլոր թերթերուն։ Եղած է խմբագիրը ոչ միայն «Նոր Օր»ի, այլեւ՝ Փարիզի «Ապագային», Գահիրէի «Արեւին», եւ Պոսթոնի «Պայքարին»։

1941-ին միացած է ՌԱԿ-ի շարքերուն։ Անդամ էր նաեւ ԹՄՄի եւ ՀԲԸՄի, ԹՄՄի մէջ վարելով բարձր պաշտօներ։

Նուպար Պէրպէրեան մահացաւ Նոյեմբեր 2016ին։

***

Պետրոս Փապուճեան «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը ստանձնեց 1960-1962։ Ան ծնած էր Չնգուշ, 1895-ին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած Խարբերդի մէջ։ Պատանի տարիքին գաղթած է ԱՄՆ։

Ան եղած է «Պայքար» օրաթերթի գրաշար, իսկ 1938-ին գալով արեւմտեան ափ՝ Ֆրեզնօ, քսան տարի կատարած է «Նոր Օր»ի գրաշարութիւնն ու վարած գործերը, ստորագրելով նաեւ քաղաքական յօդուածներ։

Փապուճեան, որ Աղան Ենգոյեանէն գնած էր  թերթին տպարանը, յետոյ վաճառած է կուսակցութեան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ