Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Կիրակի, Յունիս 4, 2017 ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՅ ԳԱԼՈՒՍՏԸ Ակնառու Թերութիւն Մը. «Որ ի Հարաշարժ» եւ ո՛չ «Որ ի յարաշարժ»

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Ս. Հոգւոյն հեղումը աշակերտներուն վրայ ներքին զօրութիւն մըն է, որ անոնց հոգիին վրայ կ՚ազդէ, միտքը կը լուսաւորէ, սիրտը կ՚ուղղէ, կամքը կը զօրացնէ, վարանումը կը փարատէ, արիութիւն կը ներշնչէ եւ ազդեցութիւն ընելու կարողութիւն կու տայ»։

ՄԱՂԱՔԻԱ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՕՐՄԱՆԵԱՆ

 

Հրաշալի Դէպքը

            Հոգեգալստեան մեծ տօնին կարեւորութիւնը համաքրիստոնէական է ու մեր Հայ Եկեղեցւոյ շարականները զգուշութեամբ եւ զգայնութեամբ կը նշեն զայն ամբողջ շաբթուան ընթացքին՝ Յարուցեալ Քրիստոսի Համբարձումէն տաս օրեր ետք։ Վերեւ նշուած թերութեան մասին, որ աստուածաբանական կարեւոր հիմունք ունի, ստորեւ  բացատրութիւն կը տրուի։        

            Սուրբ Հոգւոյ Գալստեան պատահարը մեծագոյն հրաշքն էր, երբ Համբարձման օրը, Յարուցեալ Քրիստոս 40 օրեր երկրի  վրայ մնալէն ու աշակերտներուն եւ այլոց յայտնուելէն ետք, տասնըմէկ աշակերտներով Համբարձման լեռը բարձրացան, ուր դիտեցին Տիրոջ երկինք մեկնիլը, լսելով նաեւ Աստուծոյ ձայնը, թէ ինչու ապշած կը նայիք Յարուցեալ Փրկչին, քանի որ ան ինչպէս կը մեկնի նոյնպէս կը վերադառնայ։ Հոգեգալստեան հրաշալի դէպքը, խոստացուած նոյն ինքն Յարուցեալ Փրկիչէն, աշակերտները առաքեալներու վերածեց Վերնատան մէջ, ուր հաւաքուած էին նաեւ «անուանց իբրեւ հարիւր եւ քսանից» հետեւորդները։

            Յատուկ տօնի մը կը զուգադիպէր հրաշքով լի այս դէպքը։ Տօնին նշանակութիւնը Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն յանձնումն էր Մովսէս Մարգարէին՝ Սինայի անապատին մէջ, իր ժողովուրդին Եգիպտոսէն ելլելէն 50 օրեր ետք։ Տօնը կը կոչուի նաեւ Պենտեկոստէ յունարէն լեզուով որ յիսուն թիւը կը պարունակէ իր մէջ, երբ Տիրոջ խոստացեալ Սուրբ Հոգին, Քրիստոսի Յարութենէն 50 օրեր ետք, իջաւ Վերնատուն ուր «էին ամենեքեան միասին»։

            Յանկարծակի առանձին բոցերու նման լեզուներ իջան իւրաքանչիւր աշակերտի վրայ՝ որոնք գիտութեամբ զօրացած գերազանց Առաքեալները դարձան՝ շարունակելու համար իրենց Վարդապետին գործը։ Անոնք գիտցան թէ պիտի երթային որպէս Առաքեալներ ինչպէս նախապէս կանչուած էին որպէս աշակերտներ։ Այս անգամ «գնացէք այսուհետեւ» պատգամը սրբագործուեցաւ Սուրբ Հոգիով եւ աստուածային զօրութեամբ։

Ո՞վ է Սուրբ Հոգին

            Սուրբ Երրորդութեան Երրորդ Անձն է ան որ սփռուեցաւ որպէս Արարիչ Աստուծոյ ՇՈՒՆՉԸ՝ արարչագործութեան առաջին օրն իսկ, երբ «Աստուծոյ հոգին կը շրջէր» նորաստեղծ տիեզերքին վրայ։ Հետզհետէ Ս. Հոգին ճանչցուեցաւ որպէս Աստուծոյ իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։ Ամէն անգամ որ Աստուած պիտի յայտնուէր, հո՛ն էր Ս. Հոգին։ Կոյս Մարիամ Ս. Հոգիէն յղացաւ եւ ծնաւ Յիսուս որ սկիզբէն Աստուծոյ Որդին էր։ Յիսուսի Մկրտութեան պահուն նոյն Ս. Հոգին, աղաւնակերպ իջաւ Իր վրայ երբ նոյն ատեն Հայրական ձայնը վկայեց անոր Աստուծոյ Որդին ըլլալը։

            Եկեղեցին սկիզբէն ճանչցաւ Ս. Հոգին  որպէս «Աղբիւր կենաց եւ բաշխող շնորհաց»։ Ան Քրիստոսի հաղորդակից եւ կենդանարար շունչը եղաւ, նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ՝ սուրբ Խորհուրդներու մատակարարումով։ Հոգին Սուրբ Աստուած, Աստուծոյ մշտնջենի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը եղաւ, որոնցմով եկեղեցին հաստատուեցաւ Պենտեկոստէի Հոգեգալստեան նոյն օրը։ Քրիստոսի եկեղեցին Իր Մարմինը եղաւ Ս. Հոգիի զօրութեամբ, եւ շրջեցաւ աշխարհի չորս կողմ, ա՛յնպէս ինչպէս Իր մարդկային մարմինը շրջեցաւ մարդոց մէջ՝ քարոզելով եւ բժշկելով։ Քրիստոսի մարդկային մարմինն ու Իր հաստատած եկեղեցին եղան նոյնը՝ բնութեամբ եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։

Ս. Հոգիի Բղխման Վարդապետութիւնը

            Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ կ՚երգէ «Բղխումն ի Հօրէ» որ հիմնուած էր Աւետարանական ճշդուած բառերուն վրայ, թէ «Հայրը պիտի ղրկէ Մխիթարիչ Սուրբ Հոգին Իմ անունով որ պիտի յիշեցնէ եւ սորվեցնէ ձեզի այն ամէն ինչ որ խօսեցայ ձեզի»։ Հոս կը հաստատուի, որ Ս. Հոգին կը բղխի Հայր Աստուծմէ եւ ո՛չ թէ «նաեւ Որդի Աստուծմէ»։ Դաւանական այս կէտն է, որ Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ եկեղեցիները միասնաբար փոխեցին ու դաւանեցան «եւ յՈրդւոյ» (Filioque) բանաձեւը կցելով, որ խնդրոյ առարկայ եղաւ, մինչ Արեւելեան եկեղեցիները մնացին իսկական «բղխումն ի Հօրէ» բանաձեւին հաւատարիմ։ Մեր հայ կաթողիկէ եղբայրները իրենց ժամագիրքին մէջ Շնոհալիի երգին մէջ աւելցուցեր են «բղխումն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ» յաւելուածը, հաստատելու համար իրենց հռովմէադաւանութիւնը։ Ի՛նչ համարձակութիւն եւ ո՛րքան խեղադիւրում։

«Ի Հարաշարժ» եւ Ո՛չ «Ի յարաշարժ»

            Հոս է Ս. Հոգւոյ Բղխման աստուածաբանական բանալին մեր Հոգեգալստեան յատուկ կանոնական շարականին մէջ, ուր «Որ ի Հարաշարժ» կը կոչէ Ս. Հոգին՝ ըստ Աւետարանին, որ իսկականին ՀԱՅՐաշարժ բառն է։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտօնական Օրացոյցը սակայն տասը տարիներէ ի վեր կանոնաւորաբար կը սխալի եւ դժբախտաբար անփոյթ կերպով կը կրկնէ նոյն սխալը երեք առիթներով՝ Հոգեգալստեան յատուկ շարականներու նշումներուն մէջ, գրելով «Որ ի յարաշարժ»։ Հարաշարժ կը նշանակէ Հօր կողմէ շարժող (բղխող), որ ուղղափառ եւ հնագոյն եկեղեցւոյ դաւանանքն է, իսկ «յարաշարժ» (միշտ շարժող) գոյութիւն եւ առնչութիւն իսկ չունի Հոգեգալստեան դէպքին հետ, ալ ուր մնաց Ս. Հոգւոյ Բղխման վարդապետութեան հետ։ Ատենին բերանացի հաղորդեր էինք սոյն դիտողութիւնը, եւ սակայն լսող չկար։ Կը յուսանք, թէ Օրացոյցը կազմող Սրբազան եպիսկոպոսն ու վերստուգիչ վարդապետը սոյն գրութեամբ կը գործադրեն անհրաժեշտ սրբագրութիւնը։

«Հայաստան» եւ ո՛չ «Հրէաստան»

            Միայն տեղացիներ չէին, որոնք ականատես եղան այդ հրաշալիքին։ Եկած էին նաեւ այլ գաղթավայրերէ հրեաներ՝ «արք երկիւղածք» որոնց աշխարհագրական դիրքն ալ ճշդած է Գործք Առաքելոց գիրքին հեղինակը՝ Ղուկաս Աւետարանիչ, շարքով թուելով քաղաքներու անունները՝ թիւով 12, Պարթեւաստանէն, Միջագետքէն, Հրէաստանէն, Կապադովկիայէն ու Պոնտոսէն, աշխարհագրական ճիշդ կարգով, բացի Հրէաստանէն, որ բնական է այդ շրջաններուն մէջ չէր կրնար ըլլալ, եւ մանաւանդ որ հ՛ոն կը պատահէր Հոգեգալստեան դէպքը։ Ճշդուած երկիրը յայտնապէս Հայաստանը պիտի ըլլար։

            Հեռուէն եկողները կը յիշուին իբրեւ հրեաներ, որոնք «լսէին յիւրաքանչիւր լեզուս խօսիլ նոցա»։ Այս կէտը միշտ դժուար եղած է հասկնալ, բացի եթէ լեզուներու շնորհքը «ենթակայական» եղած ըլլար, այսինքն Առաքեալներ իրողապէս տարբեր լեզուներ չէին խօսած, այլ լսողները տարբեր լեզուներ գիտնալով, «թարգմանաբար» կը հասկնային Առաքեալներուն խօսածը, այնպէս որպէս թէ գաղթականներ իրենց գիտցած լեզուներով կը հասկնային։ Այս ձեւ մեկնաբանողներ չեն ուզեր կարդալ Ղուկասի գրածը ճիշդ կերպով, թէ «Առաքեալներ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներ», եւ ոչ թէ ունկնդիրները հասկցան իրենց յատուկ լեզուներով։

            Յիշուած 12 վայրերուն առաջիններուն մէջ «Հրէաստան» մը կը յիշուի որ չէր կրնար Կապադովկիոյ եւ Միջագետքի միջեւ ըլլալ, այլ ան պիտի կարդացուէր «Հայաստան», ինչպէս եկեղեցական հին Հայրեր, Տերտուղիանոս եւ Օգոստինոս սրբագրած են։ Օրմանեան Պատրիարք եւս կ՚անդրադառնայ իր «Համապատում» գիրքին մէջ եւ ճշդումը կատարելով կը յայտնէ, թէ Հայաստանէն հրեայ գաղթականներ եւս Երուսաղէմ գացած էին տօնին եւ վկաները եղած Հոգեգալստեան դէպքին։

            Հետեւութիւնն այն պիտի ըլլար, որ եթէ «հեռուներէն եկողներ իրենց տեղական լեզուները կը լսէին Առաքեալներու բերնէն», բնականաբար Հայաստանէն գացողներն ալ հայերէ՛ն պիտի լսէին։ Հայաստան եւ հայաստանաբնակ հրեաներ այս կերպով ուղղակիօրէն բաժին կ՚առնէին Հոգեգալստեան շնորհաբեր դէպքին մէջ՝ կանխագոյն եւ լռելեայն արձագանգ մը հնչեցնելով գալիք հայ քրիստոնէութեան համար։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ