Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Պահպանել մեր մեծութիւնը

1994-էն ի վեր միջազգային բանակցութիւններ կ՚ընթանան Հայաստան-Արցախ և Ատրպէյճանի միջև որևէ ձևի հաշտութիւն մը «պարտադրելու», գոյացնելու կամ յաջողեցնելու համար: Համարեա 25 տարիներ անցած են Արցախեան ազատագրութեան պատերազմէն, ուր Ատրպէյճանի նախայարձակ ուժերը կրեցին խայտառակ պարտութիւն, իսկ յաղթական հայկական ուժերը չկարողացան անձնատուութեան կամ յանձնումի համաձայնագիր մը պարտադրել ատրպէյճանական պարտեալ կողմին, ազատագրուած շրջաններուն վերաբերեալ:

Փոխարէնը՝ ստորագրուեցաւ զինադադարի ստորադաս համաձայնագիր մը, որ մինչև այսօր կը բեկանուի գրեթէ ամէն օր: Թէ ինչո՞ւ ստորագրուի նման համաձայնագիր յաղթական բանակի մը համար, արդէն նուաստացուցիչ կը համարուի ինքնին: Բայց՝ հարկ է պեղել այդ համաձայնագրին իսկական պատճառները, որոնք հաւանաբար փոքր պետութիւններու ուժերէն գերիվեր էին և ենթակայ տուեալներու, առանց այլ հաւանականութիւններու:

Այդ պարագայով արդէն ստեղծուած էր մեծ պատրուակ մեծ տէրութիւններու կողմէ, փոքր պետութիւնները հաշտեցնելու և անոնց ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու միտումով: Եւ արդէն բոլորս այսօր ականատես ենք այլազան «խորհուրդներու» և «միութիւններու» անհատնում բանագնացական ճամբորդութիւններուն, հանդիպումներուն և ժողովներուն,  որոնք կ՚աշխատին երկկողմանի համաձայնագրի մը աւարտին հասցնել այդ 25ամեայ անկայուն կարգավիճակը: Տակաւին կ՚ապրինք յաջողութեան յոյսով, մեր յաղթական երթն ու կեցութիւնը առանց նսեմացնելու որևէ առաջարկուած զիջումներու ընկալումով և առանց յատկանշական որևէ վնասներ կրելու:

Ո՛չ շատ յար և նման պարագաներ են այսօրուան Սուրիոյ և Իրաքի կարգավիճակները, որոնք կը տարբերին Արցախեան ազատագրման պայքարի տուեալներէն, հակառակ ուղղութիւններով: Այս երկու երկիրներու մասնատումը գործնականօրէն արդէն սկիզբ առած էր մին՝ 1990-ական, իսկ միւսը՝ 2004 թուականներուն, մեծ տէրութիւններու ծրագիրներով: Իրաք «տէ ֆաքթօ» արդէն բաժնուած է 3 մասերու, հիւսիսային շրջանը շնորհելով քիւրտերուն Միացեալ Նահանգներու նեցուկով և հովանաւորութեամբ. հարաւային շրջանը՝ շիա իսլամ համայնքին, իսկ կեդրոնի շրջանը՝ սիւննի իսլամներուն: Սուրիոյ պարագային՝ այդ բաժանմունքը տակաւին խորհրդակցութիւններու և համաձայնութիւններու ենթակայ է վերջնական որոշումի մը յանգելու համար: Սակայն արդէն կ՚ուրուագծուին այդ բաժանման սահմանները, մանաւանդ՝ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ և Իրանի միջև կայացած վերջին հանդիպումէն ետք:

Պահ մը անդրադառնալով վերոյիշեալին և բոլորս քաջատեղեակ ըլլալով այդ անց ու դարձերուն, հարցական ակնարկ մը ուղղենք աշխարհի արդարութեան և իրաւունքներու պահապաններուն թէ՝ ո՞վ իրաւասութիւն տուած է այս մեծ տէրութիւններուն միջամուխ ըլլալու փոքր տէրութիւններու ներքին կամ երկրին վերաբերող հարցերուն մէջ: Իսկ միջամուխ ըլլալը անբաւարար նկատելով, իրենք զիրենք «հաշտարար»ի, «բարեկարգիչ»ի, «խաղաղաբերի» կամ՝ «ժողովրդավարի» հովերով զինած, կը գրոհեն այդ երկիրները և արդիւնքները արդէն յայտնի են առանց կրկնութեան:

Մեծ տէրութիւններու ախորժակները փոքրերը կլանելու ցանկութեամբ, առատ է պատմութեան մէջ, նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններէն սկսեալ, և մինչև այսօր այդ կը շարունակուի տարբեր երանգներով և կոչումներով, հուրով, սուրով կամ՝ նենգութեամբ և խարդաւանքով:

Բայց, ի՞նչ իրաւունքով:

Իսկ ի՞նչ իրաւունք փնտռել այս աշխարհի մէջ տկարին և փոքրին համար եթէ ոչ՝ միայն հլու հնազանդ ենթարկուիլ մեծի հրամանին և կամ՝ կոտորուիլ:

Մեծն Տիգրանը հաւանաբար շատոնց շուռ եկած էր իր գերեզմանին մէջ ի տես իր բազուկներու ոյժով կանգնած կայսրութեան անկումին և հայ ազգի մեծութեան կորուստին:

Հայ ազգը պարտէր պահել այդ մեծութիւնը մինչև այսօր:

Հայ ազգի զաւակները միշտ կռուած են օտարի բանակներուն մէջ և անոնց կողքին: Անոնց տուած ենք հերոսներ, բարձրաստիճան ղեկավարներ և կայսրեր: Մեր տնտեսութեամբ ծաղկեցուցած ենք օտար հորիզոններ: Աշխարհին նուիրած ենք մեր գիտութիւնն ու հնարքները, եղած ենք շիթիլ օտարազգիներու մէջ զարգացնելով անոնց ապագայ սերունդները. այժմ՝ ժամանակը չէ՞ եկած այդ բոլորը հեղելու հայրենիքին մէջ: Այդպիսով՝ պահելով հայ ազգի մեծութիւնը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ