Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Աւրորա-2017» մրցանակակի դափնեկիրն է Թոմ Քաթինան

Մայիս 28-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւրորա-2017» մարդասիրական մրցոյթի մրցանակաբաշխութիւնը եւ մրցանակին արժանացաւ ամերիկացի Թոմ Քանիթան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մրցանակին արժանանալուն համար։ Ան ըսաւ, որ այսքան հիւրընկալ եւ ջերմ մարդիկ չէ տեսած։

Քաթինա «Գթութեան մայր» հիւանդանոցի վիրաբոյժ եւ կաթոլիկ միսիոներ է, որ Սուտանի պատերազմական Նուպայի լեռներուն վրայ տարիներ շարունակ աշխատող միակ վիրաբոյժն է։ Ան օրական հազար վիրահատութիւն կը կատարէ, սպասարկելով աւելի քան 400 հիւանդի։

Ան ընդունած է Հայաստան երթալ, միայն երբ վստահ եղած է, որ զինք փոխարինելու պիտի գան երեք հայ բժիշկներ Գէորգ Ոսկանեանը, Հայկ Յովհաննիսեանը եւ Արմինէ Բարխուդարեանը։

Թոմ պիտի ստանայ հարիւր հազար տոլար, ինչպէս նաեւ  մէկ միլիոն տոլար, որ պէտք է բաշխէ զինք ոգեշնչած կազմակերպութիւններու։

– Օսքարակիր դերասան Ճորճ Քլունին դիմելով Երեւանի մէջ կայացած «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակիցներուն, ըսած է, որ կը ցաւի որ ներկայ պիտի չգտնուի։ «Հոգիով եւ սրտով ձեզի հետ եմ։ 2017-ի հերոսները մեր օրերու հերոսներն են», նշած է ան։ Աւելցնենք, որ Քլունիին կինը՝ Ամալը Մայիսի վերջաւորութեան կամ Յունիսի սկիզբը երկուորեակ կը սպասէ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ