Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Ս. Սարգսեան եւ Գարեգին Բ. մասնակցեցան Սարդարապատի տօնակատարութեան

ՀՀ նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայիս 28ին մասնակցած են Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան, հիւրերու եւ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Անոնք ծաղկեպսակ զետեղած են յուշակոթողին առջեւ եւ ներկայ գտնուած զօրահանդէսին։  

Պարգեւատրումներ Հանրապետութեան տօնին առթիւ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետութեան տօնին առթիւ պարգեւատրած է խումբ մը արուեստի, մշակոյթի, մարզական, գիտութեան ու կրթութեան դէմքեր, որոնց շարքին՝ երգիչ Ռազմիկ Ամեանը եւ ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանը։

 

Ապարանի մէջ նշեցին հերոսամարտի 99-ամեակը

Բաշ-Ապարանի հերոսամարտի 99-ամեակին նուիրուած   տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան Կիրակի օր Ապարանի մէջ։ Հանդիսաւոր արարողութեան յաջորդած է զինուորականներու կողմէ  ցուցադրրութիւն եւ համերգ՝ աուեստագէտներու կողմէ։

 

Սուրիահայ պղնձագործներու ցուցահանդէս Սարդարապատի մէջ

Սարդարապատի թանգարանին մէջ բացուած է պղնձագործ վարպետներու Սուրիոյ դպրոցի ներկայացուցիչներու աշխատանքներու ցուցադրութիւն։ Ամէնէն հին գերդաստանը Գալամքէրեաններն են, որոնց խանութը գործած է մինչեւ 1961 թուական։ Անոնց արմատները կը հասնին Արեւմտեան Հայաստան, որոնք անցած են Այնթապ, յետոյ Հալէպ եւ Դամասկոս։ Հաւաքածոն Հայաստանին նուիրած է Յարութիւն Գալամքէրեանը, որ մահացած է 2015ին։

 

Եկեղեցիներու վերանորոգում

«Աւրորա» հիմնադրամի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան Կոմիտասի անուան թանգարանին մէջ յայտարարած է բարեգործական նոր ծրագիրի մը մասին՝ եկեղեցիներու վերանորոգում։ Մայիս 28-ին բացուած է գերմանացի նկարչուհի Եութա Պոշի ցուցահանդէսը, որ ոգեշնչուած է Կոմիտասի երաժշտութենէն։

 

Յունաստանի միտրոպոլիտը Էջմիածնի մէջ

Մայիս 28-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան  առիթով Հայաստան ժամանած Յունաստանի Ալեքսանդրուպոլի միտրոպոլիտ Անթիմոս Կուկուրիտէսը եւ առաջնորդարանի դիւանապետը, ուղեկցութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգշ. Տէր  Խորէն Վրդ. Առաքելեանի։

 

Վահան Մարտիրոսեան դաւաճանին նոր «դաւաճանութիւնը»

Ատրպէյճանեան մամուլին համաձայն, Հայաստանէն Ատրպէյճան փախած եւ ներկայիս Ուքրանիա գտնուող Վահան Մարտիրոսեանը, որ միացած էր Պաքուի «խաղաղութեան ծրագիրին» հակահայկական յօդուածներ գրելով, յայտարարած է, որ զղջացած է։ Այժմ ան կրկնակի դաւաճան է. մէկ՝ հայոց համար եւ երկրորդ… Ատրպէյճանի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ