Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Պէյրութ. «Հայ Երուսաղէմը երէկ, այսօր եւ վաղը»

«Զարթօնք»ի 80ամեակի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Մայիս 26, 2017ի երեկոյեան ժամը 8։00ին, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Զարթօնք»եան հանդիպումներու հինգերորդ մտերմիկ հաւաքը, որուն հիւր բանախօսն էր Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան։

Ընկ. Դոկտ. Գոճայեանը իր բազմավաստակ աշխատանքներուն շարքին, երկուքուկէս տարիէ իվեր Երուսաղէմ հրաւիրուած էր պաշտօնավարելու որպէս արեւմտահայերէնի դասախօս, «Սիոն» կրօնա-բանասիրական պարբերաթերթի խմբագիր եւ Պատրիարքի խորհրդական։

Այս ընթացքին հնարաւորութեան ներած չափով ան շնորհակալ աշխատանք մը տարած է ուսումնասիրելով Սուրբ վայրերն ու յատկապէս սաղիմահայ կեանքն ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան մեր հարստութիւնները։

Ան «Հայ Երուսաղէմը երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագրին տակ զինք սիրող եւ յարգող իր ընկերներուն եւ ներկաներուն հրամցուց եւ անոնց հետ բաժնեց իր աշխատանքներուն արդիւնքն ու տպաւորութիւնները Երուսաղէմ իր կեցութեան մասին, իր բանաւոր հաճելի ներկայացումով, ինչպէս նաեւ նկարներու ցուցադրութեամբ։ Հանդիպումը առիթ մըն էր բաց քննարկումներու, որոնց ընդմէջէն ներկաներուն հարցումներուն մեծ սիրով գոհացուց մեր յարգելի հիւրը։

Աւարտին, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեան բեմ հրաւիրեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը, որպէսզի ան իր ձեռամբ «Զարթօնք»ի անունով յարգելի հիւրին խորհրդանշական նուէր մը յանձնէ։

Աւարտին կ՚արժէ նշել հեզահամբոյր մեր հիւրին հետեւեալ խօսքը. «Փառքի ետեւէ կամ աչքի զարնուելու նպատակ չունիմ, այլ կը փափաքիմ որ ծննդավայրիս հասարակութիւնը մօտիկէն ծանօթանայ Հայ Երուսաղէմին եւ մեր խնդիրներուն»։

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ