Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողան առեղծուածը

ՏԷՆԻԸԼ ՓԱՅՓՍ

 

Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանը՝ Թուրքիոյ նախագահը, ամէնէն յեղյեղուկ, խորհրդաւոր, եւ հետեւաբար ամէնէն անգուշակելի մեծ քաղաքագէտն է համաշխարհային բեմի վրայ։ Անոր յաղթանակը, Ապրիլ 16-ի երկրի հանրաքուէին, իրեն կը պարգեւէ գրեթէ բռնատիրական իրաւասութիւններ, որոնք յատկապէս Թուրքիան, Միջին Արեւելքը, եւ անկէ անդին, կը մատնեն աննախատեսելի հետեւանքներու։

Հանելուկներէն առաջինը ազգային հանրաքուէն է։ Խնդրոյ առարկայ էին սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք պիտի տնօրինէին երկրի իշխանութեան հիմնական բնոյթը. թուրք հասարակութիւնը պիտի շարունակէր ապրիլ վերջին 65 տարիներու թերի ժողովրդավարութեա՞ն, թէ նախագահական կեդրոնացեալ կառավարման տակ։ Բարեփոխեալ իշխանութիւնը պիտի շոգիացնէր վարչապետը, ու նախագահը պիտի ունենար անսահման իրաւասութիւններ խորհրդարանին, արդարադատութեան ու զինուորականութեան վրայ։

Թուրք հասարակութիւնը կը գտնուէր սահմանադրութեան արմատական փոփոխութեան ծանրակշիռ պատասխանատուութեան առջեւ։ Հանրածանօթ վիպասան Էլիֆ Շաֆաք յայտնած է, թէ Թուրքիոյ այս հանրաքուէն «կրնայ երկրին ճակատագիրը փոխել գալիք սերունդներուն համար»։ Հանրաքուէէն ետք, լրագրող Եավուզ Պայտար կը գրէր. «Թուրքիան, ինչպէս որ գիտէինք, պատմութեան անցած է»։ Այսուհանդերձ, տարիներէ իվեր, Էրտողան կը պահէր արդէն ա՛յն իրաւասութիւնները զորս հանրաքուէն իրեն պարգեւեց։ Անիկա քմայքոտ տիրակալութեամբ կը վարէր երկիրը։ Ոեւէ մէկը, ծաղրանկարիչ, սրճարանատէր թէ քանատացի, որ կ՚ամբաստանէր «նախագահը անարգած ըլլալուն համար», կրնար տուգանքի ենթարկուիլ։ Նախկին վարչապետ մը, նախագահ մը, որ կը համարձակէր տարակարծիք գտնուիլ Էրտողանի հետ, կ՚անհետանար անոր հանրային կեանքը։ Ա՛ն էր միայն որ պատերազմ կ՚ընէր, կամ՝ խաղաղութիւն։ Էրտողան ուզածը կ՚ընէր, կամ՝ կ՚ունենար, հակառակ սահմանադրական տրամադրութեանց։

Էրտողանի սեւեռումը նախագահական պաշտօնին վրայ, արդէն ունեցած գործնական լայն իրաւասութիւններով, մղեց զինք գողնալու ընտրութիւնները, արձակելու վարչապետը, քաղաքացիական կռիւի մղելու քիւրտերը, եւ ստեղծելու տագնապ Եւրոպայի հետ։ Էրտողան ունի այս բոլորը՝ աւելորդութեա՞ն (superfluity) սիրոյն։

 

Հանրաքուէին արդիւնքները

Մեծ յաղթանակ մը ապահովելու համար, Էրտողան հսկայական ճնշում բանեցուց հանրաքուէի ընթացքին վրայ։ Անիկա լման օգտագործեց իրեն կողմնակից մամուլը։ Զօրաշարժի ենթարկուեցան նաեւ մզկիթները։ Իրեն աննպաստ քուէարկողները ոստիկանական միջամտութեան ենթարկուեցան։ Ասոնցմէ կարեւոր թիւ մը ձերբակալուեցան, նախագահը անարգելու կամ հրապարակային ապօրէն ձեռնարկներ կազմակերպելու ամբաստանութեամբ։ Ընդդիմադիրները գործազուրկ դարձան, մամուլին կողմէ պոյքոթի ենթարկուեցան, ելեկտրականութենէ զրկուեցան, ու ծեծուեցան։ Համաձայն շուէտական NGO-ի «կազմակերպուած քուէարկութեան ծաւալուն եւ հետեւողական խարդախութիւններ, բուռն ու գայթակղեցուցիչ դէպքեր նախաձեռնուած են քուէարկութեան «վերահսկիչ մարմնին» կողմէ»։ Հակառակ վերոյիշեալ միջոցառումներուն, հանրաքուէն միայն 51.4 առ հարիւր՝ ի նպաստ, 48.6 առ հարիւր՝ դէմ, զարմանալիօրէն տկար արդիւնքով վերջացաւ։ Քուէարկութիւնը խարդախուած ըլլալով, ինչո՞ւ վստահութեան քուէները այսքան ցած էին, եւ ոչ թէ 60, 80 եւ ինչու չէ՝ 90 առ հարիւր բարձր համեմատութիւններով։ Նման անշուք 51.4 առ հարիւրի մեծամասնութիւն մը մղեց ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, Եւրոպական Միութեան եւ ուրիշներու ալ կողմէ քաջալերուած, խնդրոյ առարկայ դարձնելու հանրաքուէին օրինաւորութիւնը։

Հանելուկ է, թէ Էրտողան ինչու վերջ դրաւ գործակցութեան իսլամիսթ Ֆեթհուլլա Կիւլէնի հետ, որ զօրաւոր դաշնակից մըն էր, եւ որ դարձաւ վճռական հակառակորդ մը, որ խնդրոյ առարկայ դարձուց Էրտողանի նախապատուութիւնը, բացայայտելով անոր ապահովութիւնը։

 

Ինչո՞ւ Էրտողան մարտի ելաւ Կիւլէնի դէմ, բաժանում յառաջացնելով իսլամիսթներու միջեւ, վտանգելով թուրք-ամերիկեան կապերը

Տարիքոտ իսլամ կրօնական Ֆեթհուլլա Կիւլէն կ՚ապրի Մ. Նահանգներու դաշտային Փենսիլվանիոյ մէջ։ Իր քաղաքական պայքարին մէջ Կիւլէնի դէմ, Էրտողան անհաւանելիօրէն կ՚ամբաստանէ Կիւլէնի շարժումը, որ ծրագրած ու ղեկավարած ըլլայ ենթադրեալ պետական հարուած մը Յուլիս 2016-ին։ Այնուհետեւ, Թուրքիոյ նախագահը հարուածեց Կիւլէնի հետեւորդները, եւ անոնք որոնցմէ չէր ախորժեր։ Ձերբակալուեցաւ 47,000 հոգի, բանտարկուեցան 43,000 անձեր, գործէ արձակուեցան կամ կախակայուեցան 135,000 անձեր, ու բազմաթիւներ դատապարտուեցան ընկերային մահուան։

Էրտողան Ուաշինկթընէն պահանջեց Կիւլէնի արտահանումը եւ յանձնումը Թուրքիոյ, սպառնալով խզում. «ուշ կամ կանուխ Մ. Նահանգներ նախընտրութիւն պիտի կատարէ. Թուրքիա կամ Կիւլէն»։

Ինչո՞ւ արդեօք Էրտողան կռուի բռնուեցաւ Կիւլէնի հետ, տուայտանք ստեղծելով Թուրքիոյ իսլամիսթ շարքերէն ներս, եւ իր յարաբերութիւնները վտանգելով Մ. Նահանգներու հետ։

Իմաստաբանական վայելչաբանութիւն (խստակրօնութիւն – semantic purism)։ Եւրոպական Միութիւնը ակամայ համաձայնեցաւ առանց վիզայի մուտք 75 միլիոն թուրքերու, Շէնկենի ընդարձակ գօտիէն ներս, առաւելութիւն մը, որ Էրտողանի պիտի թոյլատրէր անբաղձալի քիւրտ ու սուրիացի գաղթականները դուրս հանել, միաժամանակ նաեւ իր ազդեցութիւնը զօրացնելու համար յատկապէս Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ։ Սակայն, Եւրոպական Միութիւնը վիզաներու վերոյիշեալ արտօնութիւնը պայմանաւորեց, պահանջելով «վերատեսութիւնը թրքական օրէնսդրութեան՝ եւրոպական չափանիշներուն հետ համակերպելու համար»։ Էրտողանի համար նման զիջում մը անիմաստ էր, քանի որ ձերբակալել կու տար ոեւէ մէկը տարբեր անբաստանութեամբ, ու միաժամանակ կը մերժէր դրուած պայմանները ա՛յն տրամաբանութեամբ, թէ «անկարելի էր փոփոխութեան ենթարկել իր երկրին օրէնսդրութիւնը ահաբեկչութեան նկատմամբ», ինչպէս որ կը յանկերգէր իր նախարարներէն մէկը։

 

Խորամա՞նկ թէ մեղամոլ

Էրտողան վարչապետ դարձաւ 2003-ին, եւ ութ տարի կառավարեց զգուշութեամբ, ստեղծելով տնտեսական ակնառու բարգաւաճում, կակղելով զինուորական ղեկավարութիւնը, որ կը պահէր երկրին ծայրագոյն ուժը, եւ յաջողապէս որդեգրելով «զերօ խնդիր դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը։

Հակապատկե՛րը Եգիպտոսի անբախտ Մորսիի, որուն իշխանութիւնը մէկ տարի միայն տեւեց։ Էրտողան ճարտար քայլեր առաւ, զօր օրինակ՝ վարպետօրէն ընկճեց զինուորականութիւնը 2011-ին։ Այսուհանդերձ, 2011-էն սկսեալ, ձեռնարկեց իր սադրանքներուն։ Իր նախասիրած օտար ղեկավարը, Սուրիոյ Ասատ Պաշարը, առանց պատճառի դարձուց իր ոխերիմ թշնամին։ Ռուսական օդանաւ մը վար առնել տուաւ, եւ ապա նուաստացած՝ ներողութիւն խնդրեց։ Այս պատճառով կորսնցուց հաստատումը կազատար խողովակաշարի մը դէպի Եւրոպա։

Արգիլեալ հողատարածութեան մը վրայ կանգնել տուաւ յիմար ընդարձակութեամբ պալատ մը, աշխարհի մեծագոյնը, Նիքոլա Չաուչեսքուի Ժողովուրդի Պալատի շինութենէն իվեր Պուքարէսթի մէջ։ Յատկանշականօրէն, անարգ զաւեշտութիւն մըն էր նաեւ իր ներկայութիւնը ամերիկացի բռնցքամարտիկ Մոհամմէտ Ալիի թաղման արարողութեան, ուր փափաք յայտնեց խօսք առնել, նուէրներ բաշխել, լուսանկարուիլ ընտանեկան պարագաներուն հետ, բայց բոլոր պարագաներուն ալ մերժուելով, անաղմուկ տուն վերադարձաւ։

Ուր որ երթար անիկա թշնամիներ կը ստեղծէր։ Էքուատորի մէջ, Էրտողանի անձնական պահակ-ոստիկանները ձեռնակապ դրին փրո-քիւրտ կիներու ձեռքերուն, ու ծեծեցին երեսփոխան մը, որ կը փորձէր պաշտպանել զանոնք։ Այս դէպքի մասին, Էքուատորի խորհրդարանի փոխ-նախագահը յայտնեց. «Մինչեւ Էրտողանի ոստիկաններուն կողմէ երեսփոխանի մը վրայ յարձակումը, մեր հանրութիւնը անգիտակ էր Թուրքիոյ մասին։ Ոչ ոք գիտէր թուրքի մը կամ քիւրտի մը ով ըլլալը։ Հիմա արդէն ամէն մարդ գիտէ. բնականաբար մենք քիւրտերուն կողմնակից ենք։ Անգամ մըն ալ չենք ուզեր Էրտողանը տեսնել մեր երկրին մէջ»։

 

Ի՞նչ պատանեցաւ խորամանկ Էրտողանին

Էրտողանի իսլամիսթ կողմնակիցները երբեմն կը թելադրեն, որ անիկա ինքզինք խալիֆա յայտարարելու ճամբուն վրայ է։ Արդարեւ, կը մօտենայ հարիւրերորդ տարեդարձը խալիֆայութեան անկումին Իսթանպուլի մէջ։ Նման կարելիութիւն մը հրապուրիչ է։ Կը մնայ որոշել թէ ո՞ր թուականը յարմարագոյնն է, Մարտ 10՞ թէ 4-ը, իսլամական տոմա՞րը (օրացոյցը) թէ քրիստոնէականը։ Անժելա Մերքէլ համաձայն գտնուեցաւ կատակաբան Jan Boehmermann-ը դատարան տանիլ, ծաղրած ըլլալուն համար Էրտողանը։ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորեց Էրտողանը, անոր բռնապետական յաղթանակին համար, ու մէկ ամիս ետք շնորհեց հանդիպում մը անոր հետ։ Իսկ աւստրալացիներն ալ զիջող գտնուեցան Կելիփոլիի ոգեկոչումի առիթով։

Ժամանակն է Էրտողանը դատելու իբրեւ բռնատէր, իսլամիսթ եւ Արեւմուտքին հակադրուող եսասէր անձ մը։ Թուրքիոյ դրացի երկիրները ու մենք զմեզ պաշտպանելու ենք, հանդէպ այն վնասներուն զորս կը շարունակէ պատճառել, ու տակաւին գալիք աւելի ծանրակշիռ դէպքերու։

 

Թարգմանեց՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«The Australian», Ապրիլ 22, 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ