Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան ներկայ գտնուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյին

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան, ի պաշտօնէ, որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ  եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչ, 26 Մայիս 2017-ին ներկայ գտնուեցաւ Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնէն ներս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 25ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ առաջին տիկինը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ընկ. Նահապետեանին ընկերակցած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան եւ Ընկ. Հայկ Լէփէճեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ