Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան մասնակցեցաւ «Հայաստան» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 2

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան, ի պաշտօնէ, որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ, 27 Մայիս, 2017-ին մասնակցեցաւ ՀՀ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 26-րդ համատեղ նիստին, որ վարեց խորհուրդի նախագահ, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ան շնորհաւորեց հիմնադրամի 25րդ տարեդարձին առիթով, կարեւորելով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը։

      Օրակարգի ծիրէն ներս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը ներկայացուց 2016թ. կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը, որու աւարտին նիստի մասնակիցները դիտեցեն հիմնադրամի 2016թ. գործունէութեան մասին տեսաերիզը:

      Նշենք, որ սոյն հանդիպման ՀՀ նախագահ եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրութեամբ, Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին փոխանցուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շնորհուած յուշամետալը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանապետութեան զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

 

Հանրապետութեան Տօնի մրցանակաբաշխութիւն

 

Նոյն օրը առաւօտեան, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան ներկայ գտնուեցաւ  ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2017 թուականի մրցանակներու» յանձման արարողութեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ