Մայիսի 24-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի։ Ներկայ էին նաեւ փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան, խորհրդականներ Ալեքսան Գարատանայեան, Ժենի Գրիգորեան, Հրայր Հովիւեան, ինչպէս նաեւ գործակից անդամ՝ Ընկ. Հայկ Լէփէճեան։
Հրանուշ Յակոբեանին հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարի մը առաջ Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ-ի 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, որուն ընթացքին ընտրուած էր ներկայ Կեդրոնական Վարչութիւնը երեք տարուան ժամկէտով։
Տիկ. Յակոբեան կարեւորած է հայկական աւանդական կուսակցութեան հայանպաստ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը։
Քննարկուած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՌԱԿ-ի միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու իրականացման վերաբերող հարցեր։