Չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգները այնպիսի տեղեկութիւն մը տարածեց, որմէ միջազգային մամուլը ցնցուեցաւ: Փորձարկուած է Հահահրթիռային պաշտպանութեան նոր համակարգ, որ պէտք է որսայ միջցամաքամասային հրթիռները:
Քալիֆորնիոյ ռազմաօդային խարիսխէն արձակուած հրթիռը խոցած է պայմանական հակառակորդի բալիսթիք հրթիռը, որ արձակուած էր Մարշալեան կղզիներէն: Փոխատմիրալ Ճիմ Սայրինկ յայտարարած է, որ այդ համակարգը կենսական կարեւորութիւն ունի եւ ցոյց կու տայ, որ «մենք ունինք զսպելու մարտունակ եւ յուսալի միջոց»:
Մասնագէտներու կարծիքով, եթէ ԱՄՆ ստեղծէ հակահրթիռային յուսալի հովանոց, պաշտպանուելով գոյութիւն ունեցող սպառազինութիւններէն, կը դառնայ աշխարհի միակ գերտէրութիւնը: