Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան Սերխիօ Նահապետեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ ՌԱԿի դերին մասին

Երկուշաբթի, Մայիս 29ին, «Հայք» տեղեկատուական կեդրոնը հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիս ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, Պուէնոս Այրէս նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատի նախկին պատգամաւոր Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի հետ, Թէքէեան կեդրոնի փոքր դահլիճին մէջ, Երեւան։ Գլխաւոր թեման՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կապերն էին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի քաղաքական տեսակէտները։ Նշենք, որ 2006ի Ապրիլ 26ին Արժանթին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ օրէնքի ընդունման մէջ մեծ եղած է Սերխիօ Նահապետեանին դերը։

Մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ Հայաստանի մէջ գործող ՌԱԿ-ը չգործէ, որովհետեւ շփութութիւն կը ստեղծէ ան, լրագրողներուն յայտնած է Նահապետեան։ «Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութեան անունը պէտք է փոխուի: Երբ այս կուսակցութիւնը գրանցուեցաւ, ոևէ մէկը մեզի չհարցուց կ՚ընդունինք կամ ոչ», նշած է ան, աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ գործող նոյնանուն կուսակցութեան եւ ՌԱԿի ծրագիրները տարբեր են, եւ անոնց միջեւ հակասութիւններ յառաջացած են, քանի որ Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւնը այլ շահերու վրայ հիմնուած է։

Ընկ. Նահապետեան ըսած է, որ մտահոգիչ է, որ սփիւռքը ներկայացնող կուսակցութիւնները խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ընդդիմադրութեան կողմը անցան։ Այդ ընդդիմութիւնը վտանգաւոր է Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին համար։ Վտանգաւոր է նաեւ Արցախի համար։ Նահապետեան շեշտեց, որ սփիւռքեան կուսակցութիւնները, ինչպէս ՌԱԿը, պէտք է Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին չմասնակցին, այլ՝ հետեւին։
«Մենք միշտ պէտք է մնանք մեր ժողովուրդին կողքին. ժողովուրդը ով որ ալ ընտրէ, մենք պէտք է ընդունինք։ Կարեւորը հայապահպանութիւնն է եւ Հայ Դատը», ըսած է Նահապետեան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ