Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Մաէսթրօ Հենրիկ Անասեանի բազմաբեղուն 80-ամեակը

Այս տարի Լոս Անճելըսի հայութիւնը շարք մը ձեռնարկներով նշեց եւ պիտի մեծարէ մեր գաղութի ազգային, կրթական, մշակութային գործիչներու տարեդարձները։

    Կիրակի, Յունիս 25ին, կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Glendale High Schoolի սրահին մէջ փառաշուք ձեռնարկով, Անասեանին վայել շուքով եւ բարձրորակ յայտագրով պիտի նշուի անոր ծննդեան 80-ամեակը եւ արուեստի կեանքի 60-ամեակը: Բազմատաղանդ մեծարեալը երգի եւ երաժշտութեան բնատուր ձիրքերէն զատ, հեղինակ է 8 համով-հոտով գիրքերու եւ նախագահն է Քալիֆորնիոյ Գրողներու Միութեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի հայ մամուլի՝ «Ասպարէզ», «Մասիս», «Նոր Օր» թերթերու փնտռուած եւ սիրուած հրապարակագիրն է:

     Այդ օր, Լոս Անճելըսի հայութիւնը ու մանաւանդ հոս ապրող հայրենի մեծանուն արուեստագէտներ ելոյթ պիտի ունենան եւ յարգանքի տուրքը տան իրենց երէց ընկերոջ: Այդ օր ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Հենրիկ Անասեանի հիմնած «Սիփան» երգչախումբը, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի սիմֆոնիկ նուագախումբին:

     Ձեռնարկը կազմակերպուած է ԱՄՆի միակ հայկական գոլէճի՝ Մաշտոց գոլէճի կողմէ, մասնակցութեամբ ԹՄՄի, Համազգայինի, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայերու, իրաքահայերու, պոլսահայերու, Հայ-Ամերիկեան թատերական-երաժշտական, Քալիֆորնիոյ գրողներու եւ Նարեկ մշակութային միութեանց:

     Մեր սիրելի Յոբելեարին ծնողքը՝ ակադեմիկոս Յակոբ Անասեան եւ իր տիկինը Ֆրանսայէն Հայաստան գաղթած են: Մաէսթրոն ծնած է Երեւան, Ապրիլ 10, 1937ին: Ինքնաշխատութեամբ զբաղուած է երաժշտութեամբ: 19 տարեկանին յաճախած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը:

     Երեւանի Պետական ռատիոյի մէջ մաէսթրօ Անասեան ստանձնած է զանազան պաշտօններ. 16 տարի շարունակ եղած է  այդ ռատիոյի գլխաւոր խմբագիր, ռատիոյի սիմֆոնիկ նուագախումբի ղեկավար: Յօրինած է բազմաթիւ երգեր եւ երաժշտական կտորներ: Մաս կազմած է Հայաստանի պարծանքը հանդիսացող՝ Թաթուլ Ալթունեանի երգի-պարի անսամպլին, 3-4 տարի շարունակ ելոյթներ ունեցած են Խորհրդային Միութեան զանազան հանրապետութիւններու բեմերէն:

     1978-ին Հենրիկ Անասեան ընտանեօք Լոս Անճելոս կը հաստատուի: Հոս գալու առաջին օրէն իսկ մաէսթրոն եւ իր տիկինը, ծանօթ երգչուհի՝ Մարիէթա Անասեան եւ պատանի երկու տղաքը, տենդագին աշխատանքի լծուեցան:

Հենրիկ ստանձնեց խմբագիրի պաշտօն, հիմնեց «Սիփան» հոյակապ երգչախումբը, որ 40 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ մեր համայնքին: Հիմնեց ՀԲԸ Միութեան «Սարդարապատ» երգի-պարի փառաւոր խումբը, որ իր ելոյթներով պարզապէս հիացուցած է մեր ժողովուրդը, ան ալ այն ատեն, երբ հայկական

ձեռնարկներուն եւ հարսանիքներուն առաւելաբար թրքաոճ երգեր եւ պարեր կը տեսնէինք: Սարդարապատի ելոյթներէն ետք, հոգեփոխութիւն մը տեսանք մեր երիտասարդներուն մօտ եւ հայկական պարեր սկսանք ըմբոշխնել: Անոր յաջորդեցին պարի նոր խումբեր եւ հայկական զուլալ երգեր: Եւ այս բոլորը շնորհիւ մաէսթրօ Անասեանի եւ այլ հայկական խումբերու:

    Հենրիկ Անասեան եւ իր տիկինը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անսակարկ սպասարկողները եղած են: Ոեւէ մէկ ծուխ, կամ՝ եկեղեցի, երբ կարիք ունեցած են երգչախումբի, Տէր եւ Տիկին Անասեանները եւ «Սիփան» երգչախումբը սկաուտի պէս պատրաստ են երթալու եւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարելու: Ասոր համար է, որ մաէսթրոն արժանացած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառի կողմէ «Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ» հայրապետական շքանշանին:

    Մաէսթրոն բազմաթիւ երկար տարիներ Ապրիլ 23-ի գիշերը Սրբազան Համերգ կազմակերպած է, ուր ծովածաւալ բազմութիւն մը կ՚ողողէր վարձուած ընդարձակ սրահները, այդպէսով Լոս Անճելըսի հայութեան Մեծ եղեռնի նահատակներուն մեծագոյն ոգեկոչումը կազմակերպելով՝ երգի, նուագի եւ ասմունքի հոյակապ կատարումներով:

    Այդ մեծածախս ձեռնարկին մուտքը ազատ էր, վարչական, յայտագրի պատրաստութեան նիւթական ծանր բեռը ինք եւ իր տիկինը կը տանէին՝ միշտ մեր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու ազնիւ նպատակով:

    Մեր սիրելի մեծարեալը, 1987ին Համազգայինի Սիտնիի մասնաճիւղի հրաւէրով Աւստրալիա գացած է եւ հոն հոյակապ քառաձայն երգչախումբ մը կազմած: Մենք 1988ին Սիտնի եղած ենք եւ Ապրիլ 24ի ձեռնարկին Հենրիկ Անասեանի հիմնած խումբին սքանչելի ելոյթը տեսանք: Այդ գիշեր բազմիցս երախտագիտութեամբ յիշուեցաւ Հենրիկ Անասեանի անունը, որպէս հիմնադիր այդ խումբի:

     Նմանապէս, Հենրիկ Անասեան մօտ 4 ամիս Պոլիս երթալով հոն եւս երգչախումբ մը հիմնած է, որուն մասին Պոլսոյ թերթերը մեծ գովասանքով անդրադարձած այդ գործի մասին:

     «Սիփան» երգչախումբը չորս անգամ Հայաստան մեկնած է եւ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է հայրենիքի մէջ, արժանանալով մեր ժողովուրդի եւ պետութեան մեծագոյն գնահատանքներուն:

     Լոս Անճելըսի հայութիւնը շատ լաւ կը յիշէ մեր քաղաքի մէջ նախընթացը չունեցող Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ»ի օփերան, որ հրաշքի համազօր գործ մըն էր: Մէկ անձի մը նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ եղած այդ գործը իրապէս գնահատանքի արժանի է: Այդ օփերան ներկայացուեցաւ Նիւ Եորքի, Պոստոնի, Շիքակոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մէջ արժանանալով ժողովուրդին գովասանքին: Այս օփերային իրենց մասնակցութիւնը բերին Ակապալլա երգչախումբը, Լոս Անճելըսի ամէնէն փայլուն մենակատարներ, որոնց ղեկավարման գործը, գործիքաւորումը ամբողջութեամբ Հենրիկ Անասեանի ղեկավարութեամբ եւ հսկողութեամբ եղած են:

     Հենրիկ Անասեան 200է աւելի երգեր եւ նուագներ յօրինած է: Լոս Անճելըսի հայութիւնը երկար ժամանակ պիտի յիշէ մեծարեալին «Երկիր Նայիրի» քանթաթան 1988ին, «Իմ հայրենիք», «Գնա կռունկ», «Հայրենիք եւ սէր» սիմֆոնիաները, մեներգներու եւ խմբերգներու կտորները:

     Ինչպէս յիշեցինք, մաէսթրօն բեղուն հրապարակագիր մըն է, միաժամանակ ցարդ ութը գիրքերու հեղինակ է եւ տակաւին ունի մօտ տասնեակ մը հրատարակութեան պատրաստ գիրքեր:

     Հենրիկ Անասեան ընկերասէր, մարդասէր, զրուցասէր եւ խիստ կատակասէր, անդաւաճան բարեկամ մըն է մարդոց: Ան մարդոց միայն բարին ցանկացող, բարին մաղթող անձնաւորութիւն մըն է, որուն ներկայութիւնը շատ հաճելի է ընկերային ոեւէ շրջանակի մէջ:

    Հենրիկ Անասեան Հայաստան ծնած եւ մօտ 40 տարի Հայաստան ապրելէ ետք, միւս 40 տարիները Լոս Անճելըս ապրեցաւ, բայց իր ողջ կեանքի ընթացքին, հակառակ այլատեսակ դժուարութիւններու, ան միշտ Հայաստանով ապրեցաւ, Հայաստանը բնաւ իր կիզակէտէն չհեռացուց. անոր ուրախութիւններով կ՚ուրախանար, անոր դժուարութիւններով կը տուայտէր: Հայրենասիրութեան ամէնէն վառ տիպարներէն է մեր սիրելի եւ երախտաշատ այս մեծանուն գործիչը:

    Այս համեստ եւ անկեղծ գրութեամբ, սրտանց կը շնորհաւորենք երգի եւ գիրի մեծ վարպետ, մեր շատ սիրելի մաէսթրօ Հենրիկ Անասեանը իր ծննդեան եւ գործունէութեան զոյգ տարեդարձներուն առիթով:

     Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի մաէսթրօ, թող Ձեր շուքը եւ ներկայութիւնը երկար տարիներ շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի վրայէն:                     

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ