Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Երկրդ. Վարժարան. «Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ – Մեր սիրոյ աշունը»

 

Տրամադրութիւնը երաժշտական եւ զգացմունքային էր Հինգշաբթի, Մայիս 25ին, երբ ներկայ գտնուեցանք ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի Պոյաճեան սրահ, ուր վարժարանին տասներորդ դասարանի յառաջադէմ խումբը գրական յայտագիր մը ներկայացուց «Պտոյտ մը հայկական քնարերգութեան մէջ – Մեր սիրոյ աշունը» վերնագրին տակ։ Հայկական քնարական բանաստեղծութիւններու «պարտէզէն»  ընտրանի մը արտասանեց իւրաքանչիւր աշակերտ։ Անոնք արտայայտեցին բանաստեղծներուն ծանր յուզմունքի պահը, անձնական զգացումներն ու ապրումները։ Ունկնդիրները ուշի-ուշով գրաւուած ընկալեցին մարդկային մաքուր ու վսեմ զգացումը՝ սէրը։

Աշակերտները երկու տարի սերտած եւ վերլուծած են հայ գրականութեան գեղապաշտ շրջանը իւրայատուկ, բծախնդիր եւ վաստակաշատ դասատու պարոն Նորայր Տատուրեանի առաջնորդութեամբ։ Մեր պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն մատղաշ սիրտերը զարդարելով մարդկային ամենակարեւոր զգացումներով եւ գրականագիտական տուեալներով, այո՛, այս օտար ափերուն մէջ գտնուող հայկական յարկին տակ հայ աշակերտը ներկայացուց պղատոնական սէր, մարդկայնացում, հայրեններ, հնչեակ եւ քառեակ։

27 աշակերտներ արտասանեցին Մեծարենցէն, Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Իսահակեանէն, Չարենցէն, Տէրեանէն, Զարիֆեանէն եւ Թումանեանէն իրենց նախասիրած բանաստեղծութիւնները: Իւրաքանչիւրը իր հոգւոյն եւ սրտին մօտիկ: Անոնք կարճ նախաբաններով արտայայտուեցան բանաստեղծութեան հետ ստեղծուած անձնական կապին մասին: Բոլորն ալ արժանի են յիշատակութեան՝ Ալէք Քէնտիրեան, Սիփան Գուշեան, Մայքըլ Քէշիշեան, Գէորգ Թէրզեան, Թանիա Պալեան, Լորենի Եփրեմեան, Ալեքս Աւաննեսեան, Սեւակ Պօղոսեան, Արթուր Քէշիշեան, Տալիտա Մոսէսի, Ալէքս Տէր Աւետիսեան, Եթան Քէշիշեան, Սթեֆանի Խաչիկեան, Յովիկ Մանոյեան, Կալին Աղէկեան, Նարեկ Տատուրեան, Նանօր Տէր Պետրոսեան, Արին Պօյաճեան, Վահէ Տէմիրճեան, Շանթ Պիլանճեան, Քաթիա Խանլեան, Նիգօլ Կարապետեան եւ Նայիրի Ազազեան։

Անոնց կ’ընկերանար երաժշտութիւն, դաշնամուրի վրայ՝ Նանօր Տէր Պետրոսեան եւ Էթան Քէշիշեան, կիթառ՝ Նարեկ Տատուրեան եւ Յովիկ Մանոյեան: Աշակերտները նաեւ երկխօսութիւններու վերածեցին ու բեմականացուցին աշուղ Նահապետ Քուչակի սիրային հայրենները: Յայտագրին մէջ կար նաեւ թատերական պատկեր մը՝ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»էն, իշխանուհիի եւ վանահօր տեսարանը՝ Քրիստինա Շիրանեան եւ Շանթ Յովակիմեան: Իսկ Նանօր Տէր-Պետրոսեանը մեներգեց Կոմիտաս վարդապետի «Հոռովել»ը: Անհատական կատարումներէ ետք աշակերտները ներկայացուցին երկու խմբային արտասանութիւն. «Մարտիկի երգը» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն:

Մէկ ժամուայ յայտագիրը շատ արագ անցաւ։ Ներկաներուն դէմքերուն արտայայտութիւնները տարբեր էին, սակայն բոլորին աչքերուն մէջ կար յոյսի, հպարտութեան եւ երախտագիտութեան փայլքեր։ Հայերէնի ուսուցիչին հաւատքը լեռները կը շարժեց եւ ահա դեռեւս սերունդ մը եւս պիտի երկարէ մեր գաղութին հայկական ինքնութիւնը։

Նոյն ձեռնարկը ներկայացուեցաւ Միշըն Հիլզի եւ Կլենտէյլի քաղաքներու Արարատ տան մէջ եւ յաջորդ տարի պիտի ներկայացուի Երեւան, Նարեկացի Արուեստի Միութեան մէջ, վարժարանի աշակերտներուն Հայաստան այցելութեան օրերուն։

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք վարժարանի աշակերտներուն, իսկ դասատուին՝ ուժ եւ կորով։

 

ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ