Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Գէորգ Թաշճեան

Մայիս 7, 2017 թուին դժբախտութիւնը ունեցանք կորսնցնելու ՌԱԿի բազմամեայ եւ վաստակաշատ անդամ Գէորգ Գրիգոր Թաշճեանը՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան, որ սուգի մատնեց իր այրին՝ Տիկ. Շողիկը, զաւակները՝ Դոկտ. Ճորճ Թաշճեանը, Դոկտ. Քրիսթին Թաշճեանը, Գէորգին քոյրերը եւ եղբայրները, իրենց բազմանդամ ընտանիքներով եւ պարագաներով:  Գէորգի թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Մայիս 15-ին Forest Lawn գերեզմանատան մատուռին մէջ, ձեռամբ Գէորգի երկարամեայ բարեկամ, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ մասնակցութեամբ Արժ. Տէր Մուշեղ Աւագ Քհնյ. Թաշճեանի, Արժ. Տէր Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեանի, Արժ. Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Փեթոյեանի եւ Արժ. Տէր Յարութիւն Քահանայ Թաշճեանի. պաշտօնի բերմամբ կը բացակայէր Տէր Շնորհք Աւագ Քհնյ. Տէմիրճեան: Իսկ իր ճամբորդութեան պատճառաւ բացակայող Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան յղած էր իր ցաւակցական գիրը՝ սփոփելու համար այրին եւ սգակիրները:  Կղերաց դամբանականներէն առաջ խօսք առին Գէորգին զաւակները՝ Ճորճը եւ Քրիսթինը, ինչպէս նաեւ եղբայրը Խաչիկը, ամէնքն ալ վկայակոչելով Գէորգի անձին եւ կեանքին օրինակելի յատկութիւնները:  Ներկայութեամբ աւելի քան 300 սգակիրներու, Գէորգի մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ, որմէ յետոյ սգակիրները հոգեճաշի սեղանի շուրջ բաժնեցին Գէորգին հետ առնչուող իրենց անմոռանալի յուշերը:

***

Գէորգ ծնած էր Պէյրութ, Լիբանան, 19 Ապրիլ 1940ին, որպէս երրորդ զաւակը Գրիգոր եւ Անահիտ ամոլին: Ունէր երեք քոյր եւ երկու եղբայր, Հայր Ժիրայր Ծ. Վրդ. (Փարիզ), Էլիզ, Խաչիկ, Արփի, եւ Լենա (Թորոնթօ):

Գէորգ յաճախած է Պէյրութի Սահակեան ազգային վարժարանը տնօրէն Բենիամին Ժամկոչեանի հովանիին ներքեւ:  Թէեւ շատ փայլուն աշակերտ մըն էր, սակայն տան նիւթական պայմանները թեթեւցնելու համար 14 տարեկանին գործի ասպարէզ կը մտնէ Optic et Vision հաստատութեան մէջ:  Նամակագրութեամբ դասաւանդութիւններու կը հետեւի Փարիզի հանրածանօթ Optic Instituteի մէջ, որմէ կը վկայուի որպէս Optician ինչպէս նաեւ Optometrist: Այս վկայականները միշտ կը զարդարէին իր գործատեղիներուն պատերը:  Իր ընտրած ճիւղին նրբութիւններուն արդէն տիրապետած ըլլալով, Գէորգ Պէյրութի մէջ կը հիմնէ իր իսկ վաճառատունը, Strand Optical, որ յետագային կը փոխադրէ Beverly Hills, նոյն անունով:

Ըլլալով խղճամիտ եւ առատաձեռն, Գէորգ շուտով կը յաջողի գործի ասպարէզին մէջ: Անցնող 60 տարիներու ընթացքին իր յաճախորդներուն տեսողութեան խնամք տարած է եւ միշտ շուկային վրայ փնտռուած անձնաւորութիւն մը եղած է շնորհիւ իր մեղմ եւ զուարթ նկարագիրին:  Իր յաճախորդներուն մէջ աչքի կը զարնէին արքայական ընտանիքներու անդամներ, կառավարական եւ դեսպանատան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հանրածանօթ դերասաններ, եւ մանաւանդ ամէն աստիճանի կղերականներ, ներառեալ Խորէն Վեհափառ եւ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետները:  Ան հպարտութեանբ կը սպասարկէ նաեւ հայկական վարժարաններուն, անվճար քննելով Պէյրութի Դպրեվանքի եւ ազգային վարժարաններու աշակերտներու աչքերը:

1969ին Գէորգ կ’ամուսնանայ իր կողակիցին Շողիկ Բակլայեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով, Թալին եւ Ճորճ:  1987ին դժբախտութիւնը կ’ունենան կորսնցնելու իրենց անդրանիկ դուստրը՝ Թալինը, ինքնաշարժի արկածի մը հետեւանքով, դառն սուգի մատնելով զիրենք: 1989ին Աստուած իրենց կը պարգեւէ երկրորդ աղջիկ զաւակ մը, Քրիսթինը: Շնորհիւ ծնողաց յարատեւ հոգածութեան, զաւակները Ճորճը եւ Քրիսթինը աւարտելով իրենց ուսումնական շրջանը կը դառնան վիրաբոյժ եւ դեղագործ: 2010ին Ճորճ կ’ամուսնանայ Լարիսային  հետ եւ կը բախտաւորուին երեք զաւակներով, Լարա, Մայա, եւ Ճորտըն որոնք կու գան անսահման երջանկութիւն պարգեւելու Գէորգին որպէս մեծ հայր:  Մօտիկ ապագային Քրիսթինն ալ պիտի ամուսնանայ օրհնութեամբը Գէորգին, սակայն հօր մը երազած ամենահաճելի պահը՝ իր դուստրը խորան առաջնորդելու, զլացուեցաւ իրեն իր կանխահաս մահուան պատճառաւ:

Գէորգին միութենական, կուսակցական եւ թատերական գործունէութիւնները բազամաթիւ եղած են: Ան փոքր տարիքէն անդամագրուած է ՀԲԸՄի, ՌԱԿի, ԹՄՄի եւ երկար տարիներ ղեկավարի պաշտօններ վարած է ՌԱԿ Մկրտիչ Փորթուգալեան, Դանիէլ Ոսկեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Էօժէն Բաբազեան ակումբներէն ներս: Ինչպէս Պէյրութի իր վաճառատունը, նոյնպէս Պեւըրլի Հիլզի իր աշխատատեղին յաճախ կը դառնային ժամադրավայրը գաղափարակից ընկերներու:  Գէորգ պատուոյ շքանշան ստացած է ՌԱԿի նախկին ատենապետ Ալպէր  Ուզունեանի ձեռամբ իր բազմավաստակ գործունէութեան համար: Ան լաւատես էր հայութեան ապագայով եւ միշտ ջատագով՝ հայեցի կրթութեան:  Երբ իր դուստրը Թալին մահացաւ, Գէորգ եւ իր տիկինը Շողիկ սփոփանք եւ մխիթարութիւն գտան հիմնելով Թալին Թաշճեանի անուամբ հիմնադրամ մը, որմէ կ’օգտուէին Արշակ Տիգրանեան վարժարանի աշակերտները:  Վարժարանի վախճանը խոր հիասթափութիւն պատճառեց Գէորգին, եւ ան միշտ յոյս ունէր որ իր նախասիրած կազմակերպութեան վարիչները օր մը, միջոցը գտնեն վերակենդանացնելու զայն:

Հանգիստ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն եւ խունկ ու աղօթք իր անթառամ յիշատակին:

ՆՈՒՐԷԼ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Թորոնթօ, 3 Յունիս 2017

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ