Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի տնտեսութիւն. Տագնապ կա՞յ թէ չկայ

Հայրենի մամուլէն ներս վերջին շրջանին տագնապ կը հնչեցուի Հայաստանի դրամագլուխի արտահոսքին, ներդրումներու նուազումին եւ մանաւանդ՝ արտաքին պարտքին մասին, որ անցած է վեց միլիառ (պիլիըն) տոլարի նիշը։ Աճ կայ միայն հանքարդիւնաբերութեան մէջ։

Տնտեսագէտներու համաձայն, Հայաստանի տնտեսութիւնը խորունկ ճգնաժամի մէջ է, կը յայտնէ «Լրագիր»ը։

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը առաջուան խանդավառութեամբ չի խօսիր ներդրումներու մասին, ընդհակառակը, լուրեր կը շրջին անոր հրաժարականին մասին։ Այստեղ ի՞նչ դեր ունի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, դժուար է բացատրել։

Միջազգային գետնի վրայ, «Լրագիր» կը շարունակէ, թէ Հայաստան միշտ քուէարկեց Ռուսիոյ օգտին, իսկ վերջինիս արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանի ոչ մէկ շահ բերաւ վերջին տարիներուն, ներդրումներէն հեռու պահելով Հայաստանը։ Ռուսիան պատժելով, Հայաստանն ալ պատժուողի դերին մէջ է այսօր։ 

Միւս կողմէ, անցնող օրերուն արաբական երկիրներ «պատժեցին» Քաթարը, երկիր մը, որուն հետ տակաւին վերջերս Սերժ Սարգսեան տնտեսական կապերու ձեռնարկեց։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ