Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

«Բաւակա՛ն է» յայտարարեց վարչապետ Թերեզա Մէյ

Շաբաթ օր Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան արձագանգելով,– որ երրորդն էր Բրիտանիոյ մէջ վերջին երեք ամիսներուն,– վարչապետ Թերեզա Մէյ ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը ահաբեկչութիւն կը ծնի, եւ ա՛լ բաւական է։

Ան չորս փոփոխութիւններ կը ծրագրէ. առաջին՝ իսլամական ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնը իրականութիւնը չի տարածեր, ընդհակառակը՝ կ՚աղճատէ ճշմարտութիւնը։ Այդ գաղափարախօսութեան յաղթելը պէտք չէ ըլլայ միայն զէնքի ուժով, այլ՝ հասկցնելով բրիտանական արժէքները։ Երկրորդ՝ պէտք է որոշ հսկողութեան տակ դրուին համակարգչային ցանցերը, որպէսզի կանխուին ծայրայեղական ծրագիրները։ Երրորդ՝ պարտութեան մատնել «Իսլամական պետութիւնը», ոչ միայն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ՝ այլ նաեւ Բրիտանիոյ մէջ։ Եւ չորրորդ՝ հակա-ահաբեկչական ռազմավարութիւնը պէտք է վերանայուի եւ ոստիկանութիւնն ու անվտանգութեան  ծառայութիւնները պէտք է ունենան բոլոր լիազօրութիւնները։

– Նշենք, որ առայժմ 12 մարդ ձերբակալուած է Լոնտոնի ահաբեկչութեան գծով։ Յունիս 3ի երեկոյեան Լոնտոնի կամուրջին վրայ ինքնաշարժ մը քշած էր բազմութեան վրայ եւ երեք հոգի դուրս գալով դանակներով յարձակած էին մարդոց վրայ, արձանագրելով եօթը զոհեր եւ շուրջ յիսուն վիրաւորներ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ