Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արաբական աշխարհը կը մեկուսացնէ Քաթարը

Արաբական եօթը երկիրներ՝ Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Եգիպտոսը, Եմէնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Լիպիան եւ Մալտիվները որոշած են խզել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Քաթարի հետ՝ մեղադրելով վերջինիս կապերը «Իսլամական պետութեան», Ալ-Քայիտային եւ ահաբեկչական այլ կառոյցներու աջակցելուն մէջ։

Ոչ պաշտօնական կարծիքը այն է, որ պատժամիջոցները կապուած են Քաթարի եւ Իրանի յարաբերութիւններուն հետ։ Բացի դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումէն, վերոնշեալ երկիրներու օդանաւային ընկերութիւնները դադրեցուցած են հաղորդակցութիւնը Քաթարի հետ։

Իրանի արձագանգը. Քաթարի յետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը չի նպաստեր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ճգնաժամի յաղթահարման, յայտարարած է Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ