Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակ. Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի խմբագիրներուն. Յակոբ Պօղոսեան

Յակոբ Պօղոսեան ծնած է 1936ին, Ռայաք, Լիբանան։ 1946ին փոխադրուելով Պէյրութ, յաճախած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութէ Ամերիկեան Համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնին մէջ, վկայուելով 1960 թուականին։

Աշխատած է Լիբանանի օդանաւային ընկերութեան՝ MEAի մէջ։ Այդ տարիներուն է որ ուղիղ թռիչք բացուած է Պէյրութէն Երեւան։ Իր աշխատանքին արդիւնք է նաեւ լիբանանեան դրոշմաթուղթի տպագրութիւնը՝ նուիրուած Պէյրութ-Երեւան ուղիղ թռիչքին, Մասիսի պատկերին տակ։

Նոյն տարիներուն հեռակայ կարգով հետեւած է Լոնտոնի Համալսարանի միջազգային լրագրութեան բաժնի դասընթացքներուն, վկայուելով որպէս լրագրող։

Պօղոսեան համալսարանական տարիներէն արդէն մաս կազմած է լիբանանահայ գաղութի հասարակական կեանքին. ՀԲԸՄ-ՀԵԸի համալսարանականներ, Պէյրութի համալսարանականներ, ԹՄՄ, Գրական Շրջանակ, ինչպէս նաեւ աշխատակցած է «Յառաջ», «Յառաջ Գրական» եւ «Զարթօնք» թերթերուն։

1989ին ընտանեօք հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, յաջորդ տարին իսկ ստանձնելով «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագիրի պաշտօնը, վարելով զայն մինչեւ 1996 թուական։ Լրագրական աշխատանքին կողքին, եղած է մեկնաբանը Լոս Անճելըսի հեռատեսիլի հայկական կարգ մը ծրագիրներու։ 1997ին արժանացած է ԹՄՄ «Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեան» մամլոյ մրցանակին։

Յակոբ Պօղոսեան շրջան մը ստանձնած է նաեւ ՀԲԸՄի Քալիֆորնիոյ յանձնաժողովի վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը։

Դժբախտաբար ան կանուխ հեռացաւ մեզմէ՝ 65 տարեկան հասակին, 2001 թուականին։

Յակոբ Պօղոսեանի «Նոր Օր»ի խմբագրութեան տարիները՝ 1990-1996 եղան բեղուն եւ յոյժ նշանակալի. Արցախեան պատերազմ, ԼՂՀ-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ծնունդ։ Ծանր ու պատմական տարիներ։ Պօղոսեան գրիչով անմահացուց իր անունը «Նոր Օր»ի էջերուն մէջ։

Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի բոլոր խմբագիրներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ