Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլին վստահօրէն յաղթանակ տարաւ նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Յառաջ, Հանրապետութիւն» շարժումը։
Մարսէյլի մէջ յաջողութիւններ արձանագրեց Փասքալ Շամմասեան. Ռոնի մէջ՝ Տանիէլ Ղազարեանը։ Օր-է-Լուարի մէջ յաղթական է Կիյոմ Գասպարեանը, իսկ Օ-տը-Սէնի մէջ Ժաք Մարիլոսեանը։ Տարբեր ընտրատարածքներու մէջ յաղթանակներ արձանագրած են նաեւ հայկական խնդիրներուն մշտապէս աջակցող շարք մը ֆրանսացի պատգամաւորներ։