Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայց. Եկեղեցին նշեց Ս. Հռիփմիսեանց եւ Ս. Գայիանեանց կոյսերու տօները

Համապատասխանաբար, Յունիս 12ին եւ 13ին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին յատուկ արարողութիւններով նշեց Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Սրբոց Գայիանեանց կոյսերու տօները։

Երկուշաբթի օր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն Ս. Հռիփսիմէ վանք տարուած է սրբուհիին մասունքը ամփոփող Աջը, գլխաւորութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Մայր Աթոռի միաբաններու եւ ուխտաւորներու։

Երեքշաբթի օր, հանդիսաւոր թափօրով Ս. Էջմիածինէն Ս. Գայիանէ վանք տարած են սրբուհիին մասունքակիր Աջը։ Պատարագէն ետք ներկայացուած է Սուրբ Գայիանէի եւ միւս կոյսերուն նահատակութեան պատմութիւնը։

Տօնական օրուան առիթով, «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» հայորդաց տան սաները հանդէս եկած են ազգային երգերու կատարումներով։

Յաջորդական երկու օրերուն երկու սրբուհիներուն տօնը «ջերմացուցած է» Էջմիածին քաղաքը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ