Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Ժողովրդավարութի՞ւն, թէ՝ ժողովրդավառութիւն…

Ո՞ւր կ՚երթանք…

Խօսքը այսօրուան Հայաստանի մասին է, խօսքը ժողովրդավարութեան մասին է, խօսքի ազատութեան, օրէնքի մասին է։ Եւ ինչե՜ր կը կարդանք երեսունեօթը թուականը յիշեցնող, ինչպիսի՜ տողեր, ուր լրագրողներուն,– «չորրորդ» իշխանութեան,– բերանը փակել կու տան տարածելով վախի մթնոլորտ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Տրանսպորտի եւ կապի նախկին նախարար Գագիկ Բեգլարեանն է յայտարարողը՝ պատասխանելով Lragir.amի այն հարցումին, թէ «կոռուպցիայի (փտախտի) դէմ պայքարից ո՞վ պէտք է վախենայ»։ Եւ պատասխանը չ՚ուշանար. «Դուք՝ լրագրողներդ»։ Իսկ թէ ինչո՞ւ լրագրողները, Բեգլարեան շարունակած է ըսելով. «Էս վերջերս տեսայ, որ լրագրող բռնեցին, դրա համար ասում եմ՝ վախեցէք»։

Բեգլարեանի կարծիքով, եթէ պաշտօնեան չարաշահէ իր դիրքը, անպայման պէտք է ձերբակալուի։ «Պէտք է վախենայ վատ պաշտօնեան, որը վատ աշխատում է եւ չարաշահում է իր պաշտօնը», ըսած է ան։ Երբ լրագրողները հարցուցած են, թէ ինք իր ունեցուածքը ինչպէ՞ս կուտակած է, Բեգլարեան պատասխանած է. «Ես անհանգստանալու խնդիր չունեմ։ Ես 1990ական թուականներից սկսած զբաղուել եմ բիզնէսով»։

Վախի մթնոլորտը սթալինեան օրեր կը յիշեցնէ, երեսունեօթը թուական…

Ութսուն տարի ետք եւ Խորհրդային Միութեան անկումէն քառորդ դար մը ետք, այսօր, լրագրողներուն բերանը փակելու, ձեռքը կապելու այս ինչպիսի՜ ժողովրդավարութիւն է ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ։ Ասիկա ժողովրդավարութի՞ւն է, թէ՝ ժողովրդավառութիւն, ուր ուժի օրէնքով կը փորձեն լռեցնել արդարութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը։ Այո՛, լրագրողները եւ մամուլը չորրորդ իշխանութիւն են եւ պիտի շարունակեն մնալ այդպէս, որովհետեւ անոր կարիքը կայ, ներկայութիւնը անհրաժեշտ է լուսաբանելու համար ժողովուրդը, քննարկելու, բաց խօսելու օրինազանցութիւններու մասին՝ հոս, հոն եւ ամէն տեղ։

Բեգլարեան նախկին նախարարը վախ չունի եւ կը յայտարարէ արար աշխարհին, թէ իր անցեալը «մաքուր» է, միաժամանակ հասկցնելով, որ այդ նոյն վա՞խն է պատճառը արդեօք, որ վախի մթնոլորտ կը ցանէ լրագրողներու սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ…

Ենթադրաբար 25 տարին քիչ էր հասնելու համար արեւմտեան չափանիշերով ժողովրդավարութեան ընկալումին ու տարածումին, սակայն մինչ այդ, որպէս դեմոկրատ պետութիւն, հանրապետութիւն՝ չվառենք ներկան, չվառուինք այդ ժողովրդավարութեան ձեռքը եւ պատմութեան չանցնինք որպէս 21-րդ դարու «ժողովրդավառ» հայեր։

«Նոր Օր» շուրջ դար մըն է, որ ջատագովը կը հանդիսանայ  ժողովրդավարութեան, որպէս ՌԱԿի խօսափող։ Մենք կը հաւատանք, որ ռամկավարութիւնը լաւագոյն եւ կատարելագոյն միջոցն է ղեկավարելու համայնք թէ պետութիւն։ Մեր վրդոված ենք, ի լուր նման աժան արտայայտութիւններու եւ վստահ ենք, որ Հայաստան պիտի՛ հասնի իրաւ ժողովրդավարութեան, միացեալ ջանքերով եւ քայլ առ քայլ։

Խօսքի ազատութիւնը Առաջին նպատակը պիտի ըլլայ յաջողցնելու ժողովրդավարութիւնը եւ ազգահաւաքը հո՛ն՝ Արագածի փէշերուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ