Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ՝ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ԱԲԲԱՍԵԱՆ ԽԱԼԻՖԱՆԵՐ» ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Չորեքշաբթի, Յունիս 28ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Փասատինայի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ իր տեսակին մէջ եզակի եւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը, նուիրուած «Հայկական Ծագումով Աբբասեան Խալիֆաներուն» հատորին, կազմակերպութեամբ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան եւ Եկեղեցւոյ գրախանութի յանձնախումբին:

Աբբասեան Խալիֆայութիւնը իշխած է մօտ 500 տարի (758-1258): Ունեցած է 37 խալիֆաներ, որոնցմէ 5 խալիֆաներ իրենց մայրերուն կողմէ հայեր էին: Այս խալիֆաները իշխած են մօտ 147 տարի:

Պետրոս Թովմասեան ասպարէզով ճարտարապետ է, սակայն փոքր տարիքէն հետաքրքրութիւն ունեցած է հայոց պատմութեան հանդէպ: Ան բազմաթիւ դասախօսութիւններ տուած է հայոց պատմութեան մասին: Հրատարակած է երեք պատմական գիրքեր:

Հեղինակը եւ իր ազնուափայլ ճարտարապետ տիկինը՝ Դոկտ. Հրաչուհի Թովմասեան ամերիկեան քաղաքացիներ են: Երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներ աշխատելէ ետք, վաղահաս հանգստեան անցան եւ քանի մը տարիէ ի վեր Հայաստան տեղափոխուած են, ապրելով մայր Հայրենիքի մէջ, հայ ժողովուրդին հետ:

Սիրով հրաւիրուած է հայ ժողովուրդը այս դասախօսութեան: Վստահ ենք, որ ներկաներուն համար խիստ ուսանելի պիտի ըլլայ ան եւ մեծագոյն բաւարարուածութեամբ եւ հպարտութեամբ պիտի բաժնուին սրահէն:              

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ