Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղուէային Լուրեր. KIRKKARA ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՈՍԿԵՐՉԱՏՈՒՆԸ

Ամէն տարի Լաս Վեկասի մէջ ոսկերիչներու ցուցահանդէս տեղի կ՚ունենայ, որուն կը մասնակցին 30,000է աւելի ոսկերիչներ եւ գոհարավաճառներ: Իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լոս Անճելըսի հայութեան քաջ ծանօթ, ՀԲԸ Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի նախկին ատենապետ, ՀԲԸՄի Ասպետներու ղեկավարներէն՝ Գրիգոր եւ Լուսի Գարակէօզեաններու Kirkkara հանրածանօթ ոսկերչատունը։ Kirkkara տասներորդ տարին ըլլալով անընդմէջ արժանացած է ամուսնութեան ոսկեղէններու մրցանակին:

     Kirkkara ծանօթ է որպէս ոսկեղէնի եւ գոհարեղէնի միջազգային նորագոյն, նրբաճաշակ եւ բարձրորակ արտադրութիւններու ոսկերչատուն: Հաստատութեան տնօրէններն են Գարակէօզեաններու շնորհալի երկու դուստրերը՝ Կրէյս Թէրզեան եւ Անճելա Գասապեան: Այս երկու երիտասարդ տիկինները շրջանաւարտ են ՀԲԸՄ  Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը: Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ