Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Մահ՝ բեմադրիչ Ռուբէն Գէորգեանցի

Յունիս 23ին, 71 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ շարժանկարներու նշանաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Գէորգեանցը։ Ան ծնած էր Երեւան։ Պատասխանատու պաշտօններ վարած «Հայֆիլմ»էն ներս եւ 1989էն ի վեր տնօրէնն ու գեղարուեստական ղեկավարն էր փաստավաւերագրական ժապաւէններու «Հայկ» կինոստուդիայի։ Նկարահանած է մօտ 70 ժապաւէն։ Մասնակցած բազմաթիւ հայկական եւ միջազգային փառատօններու, շահած մրցանակներ, դասաւանդած Երեւանի Թատերական ինստիտուտին մէջ եւ հեղինակ՝ երեք գիրքերու։

21 միլիոն տոլարի նոր վարկ՝ Հայաստանին

Արժոյթի Միջազգային հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդը որոշած է Հայաստանին տրամադրել 21,6 միլիոն տոլար վարկ, կը հաղորդուի Հիմնադրամի կեդրոնէն՝ Ուաշինկթընէն։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ աւարտած են ստուգումները եւ Հայաստանին պիտի յատկացուի այդ փոխառութիւնը։

Պաշտպանութեան նախկին նախարարին ծրագիրները

Կիրակի օր լրագրողներուն հետ հանդիպելով, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան նշած է, որ պիտի շարունակէ հասարակական-քաղաքական իր գործունէութիւնը  ծառայելով Հայաստանին եւ Արցախին։ Ան կը շարունակէ նաեւ իր գործակցութիւնը Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի եւ Վարդան Օսկանեանի հետ, բայց կուսակցութեան մը անդամակցելու ծրագիր չունի։ Մենք ուժերու լայն համախմբուածութեան կողմ ենք. արտախորհրդարանական ուժերը պէտք է համախմբուին, ըսած է Օհանեան։

Ատրպէյճան Նախիջեւանը «կը յանձնէ» Թուրքիո՞յ

Լրջագոյն վտանգ կայ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ազատ տնտեսական կապեր ստեղծելուն մէջ։ Կարսի եւ Նախիջեւանի միջեւ պայմանաւորուածութիւնները այլ հեռանկարներու դուռ կը բանան։ Հարիւր տարուան Կարսի պայմանագիրը, ռուսերուն կողմէ Արցախի ու Նախիջեւանի Ատրպէյճանին յանձնումը, արեւմտեան Հայաստանի հողերուն Թուրքիոյ նուիրումը այսօր նոր խնդիրներու պատճառ կը հանդիսանան։ Տնտեսութեան անունին տակ, Թուրքիա մուտք կը գործէ Նախիջեւան։ Իսկ ի՞նչ կ՚ընէ պաշտօնական Երեւանը ի տես նոր զարգացումներուն։ Կ՚ապրինք, կը տեսնենք։

Եօթը զինուորներու վիճակը՝ ծանր

Ինքնաշարժի արկածի մը պատճառով, եօթը հայ զինուորներ կը գտնուին հիւանդանոցի մը մէջ, որոնց վիճակը կը մնայ ծանր, կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան մամլոյ քարտուղարը։

Սեւանայ լիճը Եւրոպայի ամենահիասքանչ վայրերէն մէկը

Mastercard  միջազգային վճարային համակարգը հրապարակած է Եւրոպայի ամենաքիչ յայտնի եւ միեւնոյն ժամանակ մատչելի ճամբորդական ուղղութիւնները, որոնց շարքին դասած է նաեւ Սեւանայ լիճը։ Ան 17րդն է ցանկին վրայ, որպէս Եւրոպայի մէջ ամենամատչելի թաքնուած գանձ։

ԹՈՒՄՕ կեդրոններ պիտի հիմնուին մեծ զօրամասերու մէջ

Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարեց, որ աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի կարգ մը զօրամասերու մէջ հիմնուին «Թումօ» կեդրոններ։ Նպատակը այն է, որպէսզի զինուորները նորագոյն գիտարուեստին ծանօթանան։ Նշենք, որ Տաւուշի մարզի Կողբ համայնքին մէջ կառուցուող ամերիկահայ մեր հայրենակից Սէմ Սիմոնեանի «Թումոն» նոյնպէս կը ծրագրէ գործակցիլ հայոց բանակին հետ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ