Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Յովհաննէս Պաչքով՝ Եւրոպայի եւ Սիմոն Մարտիրոսեան աշխարհի ախոյեաններ

Երկու հպարտալի լուրեր Խարքովէն եւ Թոքիոյէն։

Բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 64 քկ. կարգէն ներս, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Պաչքովը դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան Խարքովի մէջ տեղի ունեցող մրցումներուն։ Հայ բռնցքամարտիկը եզրափակիչ մրցումին յաղթեց անգլիացի Լուք Մաքորմեքին։ Հայաստանի հաւաքականը այլ մետալներ չշահեցաւ այս մրցաշարքին։ Ան կիսաեզրափակիչ մրցումին յաղթած էր լեհ Մաթիոս Փոլսքիին, իսկ քառորդ եզրափակիչին՝ Մոլտովայի ներկայացուցիչին։ Յովհաննէս Պաչքովը ծնած է 1992ին՝ Գիւմրի։

Միւս կողմէ, Թոքիոյի մէջ աւարտին հասաւ ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը։ Տղամարդոց գերծանր կարգէն ներս, Սիմոն Մարտիրոսեան 426 քկ. արդիւնքով (պոկում՝ 191քկ. եւ հրում 235քկ.) հռչակուեցաւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան։ Ան երկու փոքր արծաթ մետալ նուաճեց նաեւ առանձին վարժութիւններու մէջ։

Աւելցնենք, որ կանանց գերծանր կարգէն ներս Արփինէ Դալալեանը երկամարտի 234 քկ. արդիւնքով գրաւեց 4-րդ պատուաւոր դիրքը։ Մինչ այդ, աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալներ շահած էին Սոնա Պօղոսեանը (մինչեւ 75 քկ.) եւ Սամուէլ Գասպարեանը (մինչեւ 105քկ.)։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ