Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ատրպէյճան Արցախի վրայ «կը փորձէ» իր գնած ռուսական եւ իսրայէլեան զէնքերը

Հարցումը հետեւեալն է. Պաքու ինչո՞ւ գնեց ռուսական թանկարժէք Քրիզանթէմ հակահրասայլային համակարգ, երբ ունի արդէն անոր հաւասարազօր իսրայէլեան Սփայք։ Փաստօրէն, երկու պետութիւններն ալ Ատրպէյճանի միջոցով, Արցախի մէջ կը փորձարկեն նոր զէնքեր, ինչպէս 2016ի Ապրիլին, երբ Ատրպէյճան գործածեց Սոլնցեփիոկ եւ Սմերչ։

Ռուսիա չի թաքցներ, որ Սուրիոյ մէջ կը կիրարկէ նոր զէնքեր։ Այդ մասին խօսած է նաեւ նախագահ Փութին. օրինակ, Սուրիոյ մէջ առաջին անգամ փորձած են Քալիպր ռուսական հրթիռը։

Երեւան առաջին անգամ չէ, որ ցոյց կու տայ իր դժգոհութիւնը Մոսկուային եւ ժամանակն է, որպէսզի Հայաստան վերջնագիր ներկայացնէ Ռուսիոյ՝ զէնք չվաճառել Ատրպէյճանին։ 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ