Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Շարլ Ազնաւուր աստղ կ՚ունենայ Հոլիվուտի Փառքի ճեմուղիին վրայ

Աշխարհահռչակ երգիչ-դերասան Շարլ Ազնաւուր Հոլիվուտի Փառքի ճեմուղիին վրայ կ՚ունենայ իր աստղը յառաջիկայ տարի՝ 2018ին։

2016ի Հոկտեմբերին ֆրանսահայ արուեստագէտը «պատուոյ աստղ» ստացած էր Հոլիվուտի մէջ։ Իսկ Քալիֆորնիոյ սենաթոր Քեւըն տը Լէոնը Ազնաւուրին յանձնած էր Լոս Անճելըսի խորհրդանշական բանալին, նշելով, որ ան մեր օրերու մեծագոյն երգիչն է։

Մօտ հազար երգի հեղինակ Շարլ Ազնաւուր կը մնայ քսաներորդ դարու լաւագոյններէն մէկը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ