Յունիս 27ին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած է երկրի պատմութեան մեծագոյն «հաքերային» յարձակումը։ Համակարգիչներու եւ ցանցերու աշխատանքը արգելափակող ժահրը՝ վիրուսը, վարակած է պետական կայքերն ու ցանցերը, լրատուամիջոցներու, դրամատուներու, բջջային ընկերութիւններու եւ շարք մը մեծ ձեռնարկութիւններու ցանցերը։
Համակարգիչը վարակած ծրագիրը նիւթական գումար կը պահանջէ «ֆայլերը» վերադարձնելու դիմաց։