Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի սահմանը հանգիստ չէ. ինչո՞ւ

Արցախ-Ատրպէյճան սահմանը կը մնայ լարուած։ Ռուսական կողմը սկսած է շատ աւելի խօսիլ պատերազմի մասին։ Հայաստանին «խորհուրդ» կը տրուի դիմել յարձակողական գործողութիւններու եւ նոր տարածքներ գրաւել։ Այս հրապարակումներէն առաջ էր, երբ տուինք չորս նոր զոհեր։ Յետոյ հայկական կողմը յայտարարեց չորս ազերիներու սպանութեան մասին, միւս կողմէ դիմելով միջազգային կառոյցներուն, որպէսզի զսպեն Ատրպէյճանը անօրէն յարձակումներէ։

Յաջորդ նորութիւնը չուշացաւ. Ատրպէյճան ստացաւ ռուսական զէնքի նոր խմբաքանակ, որ պիտի ղրկուի սահման։

Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Մովսէս Յակոբեան յայտարարեց, հայկական զինուժը պատրաստ է կանխելու որեւէ յարձակում։ Իսկ Ատրպէյճանի ռուսական զէնքը պայման չէ որ Արցախի դէմ գործածուի, կ՚ըսէ ռուս փորձագէտ մը, այլ՝ Իրանէն պաշտպանուելու համար կրնայ գործածուիլ այն։

Վերջապէս, ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ շրջանին մէջ։  Իրան եւ Թուրքիա Քաթարի կողմ են, իսկ Սէուտական Արաբիա՝ դէմ։ Ատրպէյճան կամայ-ակամայ յայտնուած է սէուտական «ճամբարի» մէջ, երբ նախագահ Ալիեւ Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ արաբա-իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովին։

Ռուսիա կը փորձէ օգտագործել այս իրավիճակը Ատրպէյճանը քաշելով իր կողմը, մէկ կողմէ զէնք մատակարարելով, միւս կողմէ՝ խաղարկելով «հայկական սպառնալիքը»։

Աղբիւր՝ Lragir.am

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ