Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան. Սուրիահայերու վարկեր տրամադրուած են սեփական հաստատութիւնները զարագացնելու համար

Հարիւրէ աւելի սուրիահայերու արդէն տրամադրուած են ցած՝ չորս տոկոսով եւ հինգ տարի ժամկէտով վարկեր։

Յունիս 27ին Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, թէ եթէ մօտիկ անցեալին սուրիահայեր կը բողոքէին Հայաստանի մէջ գործող բարձր տոկոսներէն, ներկայիս այդպէս չէ։ Աւելի քան 100 սուրիահայերու տրուած են ցած տոկոսով գումարներ, զարգացնելու համար իրենց առեւտրական հաստատութիւնները։

Կրթութեան հարցը նոյնպէս լուծուած է, ըսած է Յակոբեան։ Մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան լրիւ անվճար է ուսումը անոնց համար։ Կենցաղային եւ առողջապահական այլ հարցեր նոյնպէս կը հոգացուին պետութեան կամ բարեսիրական մեծ կազմակերպութիւններու կողմէ։

Յակոբեանի խօսքերով, Հայաստանի մէջ ապրող 22,000 սուրիահայերուն 95-96 տոկոսը կ՚ապրի Երեւանի մէջ, որովհետեւ հոն հաստատուած են Դամասկոսէն եւ Հալէպէն, չունենալով գիւղական կեանքով զբաղելու վարժութիւն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ