Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրիգոր Քէօսէեանի բծախնդիր աշխատութիւնը

Մարդ կայ, մարդ ալ կայ. գիրք կայ, գիրք ալ կայ։

Այս պարագային գործ ունինք երկու լաւագոյններու հետ։ Կատարեալ աշխատութիւն մը, նոյնքան բծախնդիր անոր հեղինակին հետ՝ «Հայկական Սինեմա»ն եւ Գրիգոր Քէօսէեան։ Երբ Ալեքսանդր Սարուխանին եւ Գրիգոր Քէօսէեանին միացնենք Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի անունը, որպէս թարգմանիչը անգլերէնի եւ պատասխանատուն հրատարակութեան, կ՚ամբողջանայ պատկերը այս աշխատութեան լրջութեան ու ծանրութեան։ Արդարեւ, «Մայրենի» հրատարակչատունը առաջին անգամը չէ, որ մեր գրադարանը կը ճոխացնէ իր որակաւոր չափ ու ձեւով, էջադրումով եւ խնամքով գիրքերով։ Այստեղ պէտք է յիշել եւ գնահատել նաեւ մեկենաս հաստատութիւնը՝ «Տոլորէս Զօհրապ Լիպման Հիմնադրամը», որուն նիւթական միջոցներուն շնորհիւ լոյս տեսած է այս մեծադիր, երկլեզու 248 էջերէ բաղկացած (80ը՝ գունաւոր երգիծանկարներ), կաշեկազմ ու շապիկ հագած ալպոմ-աշխատասիրութիւնը։

***

Հանրայայտ երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխան ծնած է Վրաստան 1898ին։ Ընտանիքին հետ Պաթումիէն անցած է Պոլիս, ապա բարձրագոյն ուսման հետեւած է Վիեննայի մէջ, Աւստրիա։ Նկարչական իր ձիրքին շնորհիւ, քսանական թուականներէն սկսեալ կը դառնայ Եգիպտոսի ամենահեղինակաւոր երգիծանկարիչը, արաբատառ մամուլին սիրուածն ու փնտռուածը, մանաւանդ իր ստեղծած «Մասրի էֆենտի» կերպարով։

Սարուխան նոյնքան յայտնի դէմք էր նաեւ հայկական շրջանակներէ ներս։ Նկարազարդած է Օտեանի եւ Պարոնեանի գործերէն, հեղինակն է «Մենք մեր ակնոցով», «Տե՛ս խօսքերդ» երգիծանկարներու շարքերուն։

Համաշխարհային մակարդակով, ան ծանօթ է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն իր հրատարակած գործերով։

Վերջապէս, ան կը մնայ Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքահայ իրականութեան  զննող աչքը, որուն գրիչին (թատերական թէ այլ յօդուածներ երգիծանկարներուն կողքին) կը պարտինք այս ամէնը։

Օտեան կը մահանայ 1977ին։

***

Վերադառնանք հատորին, որ լոյս տեսաւ այս տարի՝ 2017ին, Պոստոնի մէջ։

Գրիգոր Քէօսէեանի մեղուաջան աշխատասիրութիւնը ընթերցողը կը տանի հարիւր տարի ետ։ Հոն մեր կեանքն է՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ, հոն Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ երկու ծայրայեղութիւններն են, հոն են ռամկավարն ու դաշնակցականը, ՀԲԸՄը, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը,  պոլշեւիկն ու թրքական եաթաղանը, ռուսն ու արեւմուտքը, հոն են սփիւռքահայութեան այդ օրերու ցաւերը, որոնց մէկ մասը տակաւին կը մնայ նոյնը։ Այլ խօսքով, այստեղ, միայն Սարուխանը չէ, Երուանդ Օտեանը չէ, անոր միւս գործընկերները չեն, հոս, այս գիրքին մէջ մեր մօտիկ անցեալն է։

Աչք մը նետել գիրքին երեք մասերու վերնագիրներուն վրայ բաւարար է, որպէսզի մղուիս կարդալու։ Առաջին մասին մէջ՝ «Հայկական Սինեմա»յին երեւումը, երգիծանկարները, Մելգոնեան կտակը եւ «Խաւակա» Մուշեղ, Թուրքիա, Մուսթաֆա Քեմալ, Որբ եւ գաղթական, «Արեւ»,  «Յուսաբեր» եւ ազգային իշխանութիւններ…, Անհատներու երգիծանկարներ, Զանազանք։

Երկրորդ մաս՝ Գրական բաժին. այստեղ Քէօսէեան կը կեդրոնանայ շաբաթաթերթին գրական էջերուն վրայ, ուր անխնայօրէն քննադատուած է սովետահայ նոր ուղղագրութիւնը՝ «պոլշեւիկեան հայերէնը»։ Օտեան եւ աշխատակիցներ, զուարթախոհութեամբ համեմած են «Հայկական Սինեմա»ն, ուր քաղաքական երգիծանքը անպակաս եղած է։ Ինչպէս Քէօսէեան կը խոստովանի, գրական բաժինը անպայման պէտք է աւելի խորունկ լուսաբանուի, որովհետեւ Եգիպտոս նստած Պոլիսն է հոն, արեւմտահայն ու Խորհրդային կարգերն են հոն, ուր կայ ազատ խօսք, համարձակութիւն եւ իրականութիւն։

Երրորդ մասին մէջ կը խօսուի Սարուխանին դերին մասին, որ ամբողջ երգիծաթերթին կէսը գրաւած էր իր խօսքով ու նկարազարդութեամբ։ Քէօսէեան արդարօրէն կ՚ըսէ. «Սինեման հայկական փուռէն ելած տաք հացն է որ ուղղակի կը դրուի մեր սեղանին…»։

Հատորը վերջաւորութեան ունի ծանօթագրութեան բաժին եւ գրութիւն մը նուիրուած Թիֆլիսի «Խաթաբալա» երգիծաթերթին։

Ընկեր Քէօսէեա՛ն, վարձքդ կատար, գրիչդ անսպառ, օրերդ արեւշատ եւ երկար։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ