Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաթարի տագնապին առիթով. Էրտողանի ձեռնածութիւնը Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի

ՍԵՄԻՀ ԷՏԻԶ

 

Ներկայիս արդէն ձախողած, Արաբական Գարունի սկզբնաւորութենէն մինչեւ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, շատ քիչ բան ընթացած է Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանի ի նպաստ։ Հանելուկ է, թէ Քաթարի տագնապին առիթով, անիկա իր ամբողջ ուժով նեցուկ կանգնեցաւ Տոհայի, վտանգելով իր կապերը Սէուտական Արաբիոյ ու Ծոցի մնացեալ երկիրներուն հետ։ Նման զարգացումի մը հետեւանքով, աւելի եւս լճացումի չենթարկուելու համար, Էտրողան ստիպուած է մեղմացնել ձգտուածութիւնը Իրանի հետ. գիտենք թէ Թեհրան զօրավիգ կանգնած է Տոհայի։ Արդէն, Պարսկաստանի արտաքին  գործոց նախարարը՝ Մոհամմէտ Ճաւատ Զարիֆ Անքարա կը գտնուէր, Քաթարի տագնապի պատահելէն քանի մը ժամեր ետք։

Վերջերս, Էրտողան կը զգուշացնէր Ծոցի երկիրները Իրանի շրջանային փառասիրութեանց նկատմամբ։ Շատեր մատնանշած են արտաքին քաղաքականութեան հանդէպ Էրտողանի մոլորեալ ու դիւրաշարժ մօտեցումը։ Այդ պատճառով ալ անիկա միշտ դուրս մնացած է տիրող կացութենէն, դէմ յանդիման գտնուելով աւելի դժուարին որոշումներ տալու։ Քաղաքական մասնագէտներ շուարած են մատնանշելու Անքարայի արտաքին քաղաքականութիւնը։

Արաբական Գարունը երբ սկսաւ, Էրտողան վարչապետ էր։ Արտաքին գործոց նախարարն էր ծայրայեղօրէն փառասէր Ահմէտ Տավուտօղլուն, որ Թուրքիոյ համար մեծ ակնկալութիւններ ունէր։ Պատմական եղելութիւն պիտի ըլլար, երբ Թուրքիա դառնար շրջանի գլխաւոր ուժը՝ իսլամական արժէքներու հիման վրայ։ Ըլլալով շրջանի նախկին տիրակալը, Թուրքիա լաւագոյնս գիտէր ինչ էր լաւը բոլորին համար։

Վերոյիշեալ պարզամիտ տրամաբանութիւնը գործադրելի չեղաւ արաբական ազգայնականութեան պարագային. պատմական թաքուն հակակրութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ Սիւննի-շիի երկպառակտումը, որ խոշոր ճեղք մը եղած է Միջին Արեւելքի մէջ։

Քաղաքական զարգացումները եւս ցոյց տուին, թէ սիւննի ըլլալը բաւարար չէ, միացնելու համար սիւննիները։ Այսպէս, երբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ էլ-Սիսին վար առաւ Էրտողանի մօտիկ ընկերը՝ նախագահ Մոհամմէտ Մորսին եւ անոր Իսլամ Եղբայրակցութեան տիրապետութեան տակ գտնուող իշխանութիւնը 2013ին, Էրտողան ցնցուած էր։

Յետագայ զարգացումները՝ Սուրիոյ կացութեան եւ արեւմուտքի հետ Անքարայի դիւանագիտական յարաբերութեանց վատթարացումները, Իրանի շրջանային փառասիրութեանց զարգացումը, մղեցին Էրտողանը կլլելու Սէուտական Արաբիոյ հանդէպ իր զզուանքը՝ Եգիպտոսի պետական հարուածին նեցուկ կանգնած ըլլալուն համար, այնուհետեւ հրաժարելով Ռիատի հետ ռազմավարական կապեր հաստատելէ։

2015ին, Էրտողան Ռիատ այցելեց, միանալու համար 34 երկիրներու համադաշնակցութեան՝ դիմակալելու համար ահաբեկութիւնը. այս քայլը կը նկատուի սիւննիներու կողմէ տիրապետուած հակաիրանեան նախաձեռնութիւն մը։ Անցեալ Փետրուարին, Էրտողան դարձեալ Ծոցի շրջան այցելեց, զգուշացնելով Սէուտական Արաբիան «Պարսկական ազգայնականութեան» դէմ։

Ամբողջ այս ընթացքին, Քաթարը մնաց շրջանի միակ երկիրը, որուն հետ Թուրքիա լրիւ համաձայն էր Սուրիոյ եւ Իսլամական Եղբայրակցութեան հանդէպ նոյնանման կեցուածքով։ Քաթար միշտ մնաց Թուրքիոյ կողքին։

Քաթար դարձաւ մեծ ներդրումներ կատարող մը Թուրքիոյ մէջ։ 2011ի աւարտին, Թուրքիա որոշեց Քաթարի մէջ հաստատել զինուորական կայան մը, որ կը նշանակէր թէ ռազմավարական կապեր կ՚ուզէր զարգացնել անոր հետ։

Քաթարի այս տագնապը սակայն խանգարեց Էրտողանի ակնկալութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ։ Անիկա դէմ յանդիման գտնուեցաւ երկսայրի ընտրութեան մը առջեւ՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ։ Անիկա չտեսաւ աւելի մեծ պատկերը, ու չանսաց հանգստեան կոչուած եւ օտար քաղաքագէտներու նախազգուշացումներուն՝ չէզոք դիրք բռնելու, եւ գործելու իբրեւ միջնորդ Տոհայի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ։ Անիկա երկդիմի կերպով թիկունք կանգնեցաւ Քաթարի։

Էրտողանի կողմնակիցները կը խորհին, թէ Քաթարի հանդէպ կեցուածքը ուղղակի ազդարարութիւն մըն է Թուրքիոյ, որովհետեւ Քաթար նեցուկ կը կանգնի Իսլամ Եղբայրակցութեան եւ Համասի, ըստ Արաբական Էմիրութիւններու բացայայտումին։ Բաց աստի, Էրտողանի կողմնակիցները կը վախնան նաեւ, որ Սէուտական Արաբիա եւ Եգիպտոս, ամերիկեան նեցուկով, կը նպատակադրեն Քաթարի ներկայ ղեկավարութիւնը տապալել, կարգը հասնելով Թուրքիոյ։

Համաձայն հանգստեան կոչուած դեսպան Սուհա Ումարի, Էրտողանի քաղաքականութիւնը Քաթարի հանդէպ տրամաբանական եւ հետեւողական չէ. անիկա կը միտի պահպանելու իր քաղաքական ու ղեկավարի դիրքը։ Յատկապէս ալ, Անքարա կը կարօտի պահելու Քաթարէն եկած դրամական հոսքը, նկատելով թէ թրքական տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ անորոշութիւններ։ Թուրքիա կորսնցուց պատեհութիւնը դառնալու շրջանային պատուարժան միջնորդ մը Քաթարի համար։

Ըստ հանգստեան կոչուած ա՛յլ դեսպանի մը՝ Ունալ Չեվիկէօզի, կողմ բռնելով այս տագնապին մէջ, Թուրքիա կորսնցուց առիթը շրջանային դրական ուժ մը դառնալէ։ Արդարեւ, երբ Թուրքիա բանակցութեանց մէջ է ռազմավարական ընկերութիւն վարելու Ծոցի Երկիրներու Գործակցական Խորհուրդին հետ, ցաւալի է, որ բազմակողմանի փոխադարձ նման կապեր հաստատելու միջոցին, կարելի չէ այս հանգամանքը օգտագործել Քաթարի տագնապի ընթացքին։

Տագնապէն շատ առաջ, «Արաբական Գարուն»էն իվեր, արտաքին քաղաքականութեան մէջ գործած լուրջ սխալներուն ու դատումներուն պատճառով, Թուրքիա չի կրնար միջնորդի դերը խաղալ, քանի որ վարկ չունի ու վստահելի ընկեր մը չէ։ Կը մնայ տեսնել, թէ Էրտողան պիտի կարենա՞յ հաւասարակշռել իր կապերը Ռիատի ու Թեհրանի հետ, պահելով իր զօրավիգը Քաթարի, առանց որ Թուրքիոյ վրայ ունենայ ժխտական անդրադարձ մը։ Տակաւին, եթէ Քաթար տեղի տայ Սէուտիոյ ճնշումներուն, ինչ որ անհաւանական չէ, ի՞նչ կը մնայ ընել Թուրքիոյ։

Շատեր կը խորհին, որ Էրտողան չունի դիւանագիտական ունակութիւնը իր երկրին ի նպաստ դարձնելու դէպքերու ընթացքը, որովհետեւ տարուած է ներքին ծրագիրներով, որպէսզի ապահովէ լման փոխանցում մը առաջնորդութեան իբրեւ գործադիր նախագահ։

Ումարի ու Չեվիկէօզի նման շատեր կը խորհին, թէ Թուրքիոյ դիմագրաւած հարցերը պիտի չբարելաւուին, այլ ընդհակառակը, աւելի՛ պիտի վատթարանան, եթէ Անքարա նկատի չառնէ շրջանի եւ աշխարհի իրականութիւնները, Թուրքիոյ հեռակայ նպատակակէտերն ու շահերը համակարգելով անոնց հետ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ Մոնիթըր», 13 Յունիս 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ