Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ-ի վեթերաններու վարչութեան հայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկը

Համաշխարհային տօներու կարգին, մայրերու և հայրերու մեծարման տօներուն յատկացուած են յատուկ օրեր, մին՝ Մայիս և միւսը՝ Յունիս ամիսներու մէջ: Ծնողներու յարգանքին նուիրուած այս տօները կը յատկանշուին անոնց զաւակներուն կողմէ, որոնք կը պատուեն իրենց մայրերն ու հայրերը զիրենք աշխարհ բերելու, սնելու և մեծցնելու «տառապալից» ջանքերուն համար:

Շնորհակալութիւն բոլոր այն զաւակներուն, որոնք կը պատուեն իրենց ծնողները:

Այս առիթով, Յունիս 17-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄի վեթերաններու միութեան վարչութիւնը, խրախճանք-հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր մեծարելու համար ՀԲԸՄի մեծ ընտանիքի հայրերը, Քանոկա Փարքի, Լոս Անճելըս, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Նազարեան սրահին մէջ: Հայրեր, տարեց թէ երիտասարդ, ընտանիքներով հաւաքուած էին տօնախմբելու այս առիթը իրենց զաւակներով, ստեղծելով ընտանեկան մտերմիկ և ջերմ մթնոլորտ մը:

Վեթերաններու վարչութեան տիկինները սքանչելի աշխատանք տարած էին սեղաններու զարդարման և տեղաւորման համար, մասնաւոր վայր յատկացնելով երեխաներուն համար, որոնք անդադար կը ճռուողէին իրենց ստեղծած շրջանակին մէջ:

Երաժշտութեան մեղմ մթնոլորտի մը մէջ, օրուան հանդիսավար, վեթերաններու վարչական Գաբրիէլ Չէչէնեան շնորհակալական և  բարի գալստեան խօսքերէ ետք, բարի վայելում մաղթեց ճաշակելու «Լա Ֆոկաթա» ճաշարանին՝ Սալբիին մատակարարած ճոխ և համեղ ճաշացուցակը:

Վարչութեան ատենապետ Պրն. Օննիկ Համալեան բեմ բարձրանալով ներկայացուց վարչութեանս տարած աշխատանքները և օրուան հայրերուն մեծարման  պատգամը: Ան ներկաներուն ծանօթացուց օրուան պատուական հօր կենսագրական կարգ մը գիծերը ներկաներու կռահման համար, զոր ընտրուած էր վարչութեան գաղտնի որոշումով: Կենսագրական գիծերու ներկայացումէն ետք, Համալեան ապա բեմ հրաւիրեց Պրն. Վահէ Տատուրեանը, զինք պատուելու համար որպէս այս տարուան հայր, ի ներկայութիւն իր անմիջական և ՀԲԸՄի մեծ ընտանիքին: Պրն. Վահէ Տատուրեան կը պատուըուէր կրկին  անգամ ըլլալով, սոյն հանդիսութեան առիթով, որպէս օրուան հանդիսութեան հովանաւոր բարերար: Ան իր կեանքի երջանիկ պահերէն մին նկատելով այդ, շնորհակալութեան անկեղծ և յուզումնալից խօսքերով ողջունեց ներկաները և վեթերաններու վարչութիւնը՝ իրեն տրուած պատիւին համար:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, գեղեցիկ և արժէքաւոր նուէրներու բաշխումով: Ներկաները վայելեցին նաև երաժշտական խանդավառ երեկոն։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄի վեթերաններու վարչութեան սոյն խնամուած ձեռնարկի ներկայացման համար և յաջողութիւն կը մաղթենք յառաջիկայի իրենց գործունէութիւններուն:

Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաև ապագայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն՝ 7-8 տարեկան Օրդ. Ալեքսիա Տաղլեանին, որ լրջօրէն ստանձնած և կատարած էր  իր վրայ վստահուած սեղաններու զարդարանքի պարտականութիւնը:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ