Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային Լուրեր

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԾԱՂԿԱՍԱՅԼԸ

      Չորրորդ տարին  ըլլալով (Յունուար 1, 2018) Փասատինայի աշխարհահռչակ ծաղկասայլերուն, հայերը դարձեալ պիտի մասնակցին այս տողանցքին: 2018ի հայկական ծաղկասայլը նուիրուած է հայ իգական սեռին (մեծ մայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն եւ աղջիկ զաւակներուն), որոնք կը ներկայացնեն մարդկութեան գթութիւնը:

     Փասատինայի 2018ի տողանցքը 129րդ տողանցքն է: Այս տողանցքը միայն Փասատինայի մէջ, 700,000է աւելի հանդիսատես կ՚ունենայ, իսկ ատիկա հեռատեսիլով կը սփռուի եւ կը դիտուի աշխարհի 245 երկիրներուն մէջ:

    Նախորդ տարիներուն նման այս տարի եւս կը սպասուի, որ հայկական ծաղկասայլին 600է աւելի հայ կամաւորներ պիտի աշխատին սայլին պատրաստութեան համար:

 

ՇԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

     Ամերիկացի մեծահամբաւ հայ երգչուհի Շէր (Շէրլին) Սարգիսեան 71 տարեկան է:

     Վերջերս տաղանդաւոր երգչուհին ելոյթ ունենալով Billboard Music Award 2017 ծրագրէն, ոչ միայն հմայեց ներկաները, այլ անգամ մը եւս հաստատեց այն ճշմարտութիւնը, որ տաղանդները չեն ծերանար, այլ անոնք կեանքի ճնշումներուն տակ իրենց տաղանդէն մաս մը կը կորսնցնեն:

     Շէր Սարգիսեան բարեբախտաբար ցարդ նոյն առոյգ եւ փնտռուած երգչուհին է: Ան արժանացած է ամերիկեան այլազան մրցանակներու: ԱՄՆի ամէնէն շատ ձայնապնակ արտադրող երգչուհին է: Անոր հարստութիւնը կը գնահատուի 320 միլիոն տոլար: Կ՚ապրի 45 միլիոն տոլար արժող բնակարանի մը մէջ:

 

 ՎԻՔԻ ԲԱՐԵԱՆԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

       Հինգշաբթի, Յունիս 8ին, Կլենտէլի «Ապրիլ» գրատան մէջ ներկայացուեցաւ շատ հետաքրքրական “The Girl From Jerusalem” հատորը:

     Գիրքին հեղինակն է երուսաղէմածին Վիքի Բարեան: Գիրքին խմբագիրը՝ Լեւոն Բարեան ներկայացուց հեղինակը:

     Այս հատորը հեղինակի յուշերն են իր ծննդավայր Երուսաղէմի մասին, ուր հասակ առած է, եւ շատ մը երուսաղէմցիներու նման ստիպուած հեռացած է Սուրբ Քաղաքէն:

 

ԽՈՒՏԻԿԵԱՆԻ ԵՒ ՄԱՀԱՐԻԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

      Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Յունիս 7 եւ 8, Նորթ Հոլիվուտի T. U. սրահին մէջ, իւրաքանչիւր օր երկու ներկայացում խաղալով, տեղի ունեցան հայրենի գրողներ՝ Նարինէ Խուտիկեանի «Օրը դեռ շարունակւում է» եւ Գուրգէն Մահարիի՝ «Երգ մահու եւ անմահութեան» գործերը:

     Կարինէ Խուտիկեանը Երեւանի «Գրական թերթ»ի խմբագիրն է: Կը ներկայացնէ հանճարեղ Քահլոն, իսկ երկրորդը մեծանուն գրող Գուրգէն Մահարին է, եւ գործը նուիրուած է Կոմիտասին:

     Խումբի ղեկավարն է Լոս Անճելըսի ծանօթ թատերագիր, դերասան եւ թատրոնի ղեկավար Արամազդ Հայկազի Ստեփանեանը:

    Ներկայացումէն ետք եղան քննարկումներ վերոյիշեալ գործերուն մէջ արտայայտուած գաղափարներուն մասին:

 

 ՉԱՐԵՆՑ ՕԹԵԱԿԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

       Ուրբաթ, Յունիս 9, Փասատինայի Կիլիկիա Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական քննարկում մը, նուիրուած ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրներուն:

     «Համաձա՞յն էք նախագահ Թրամփի ծրագիրներուն», մանաւանդ անոր տուրքերու կրճատման, առողջապահական, միջազգային համաձայնագրերու վերատեսութեան, Հիւսիսային Քորէայի, Չինաստանի, Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն, ու մանաւանդ նախագահ Թրամփին մշտատեւ յիշած “Peace Through Strength” քաղաքականութեան:

    Չարենց Օթեակը Վարդանանց Ասպետներու շատ աշխոյժ մասնաճիւղ մըն է:

     Ներկաները նախագահ Թրամփի ծրագիրներու մասին թեր ու դէմ կարծիքներ փոխանակեցին:

 

 ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ «ՎԱՉԷ ԱՐՔ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ» ՃԱՄԲԱՐԸ

      Յիսուն տարիէ ի վեր Արեւմտեան Թեմի ճամբարը կը գործէ մեր նորահաս սերունդին հոգեւոր եւ հաճելի զբօսանքի պահեր պարգեւելով:

     Մանի մը հոգիով սկսած այս ճամբարը, այսօր ամէն ամառ չորս խումբեր կը յաճախեն, իւրաքանչիւր խումբին մէջ 125 երեխաներ ունենալով:

     Ճամբարը կը գտնուի King Canyonի եւ Sequoia National Parksի Dunlap շրջանին մէջ:

     Ճամբարին մաս կազմելու համար կարելի է դիմել եկեղեցիներու գրասենեակները: Ճամբարը ունի մօտ 50 պաշտօնութիւն: Անոնք որոնք կ՚ուզեն այս ճամբարին մէջ աշխատիլ, կրնան դիմել Առաջնորդարանի Hye Campի պատասխանատուներուն:

 

ՔՈՍԹԱ ՄԵՍԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 25ԱՄԵԱԿԸ

       Շաբաթ, Յունիս 24ին Newport Beach քաղաքի Հայաթ Ռիճընսի պանդոկին մէջ, արժանավայել շուքով նշուեցաւ շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25ամեակը, իսկ Կիրակի, Յունիս 28ին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի:

     Քսանհինգ տարի առաջ նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի նախաձեռնութեամբ հիմը դրուեցաւ այս Ծուխին եւ եկեղեցիին: 25 տարիներէ ի վեր այս Ծուխի հովիւն է, ժրաջան եւ քաղցրաձայն Տէր Մուշեղ Քհնյ. Թաշճեանը:

      Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները այս Ծուխի բոլոր պատասխանատուներուն:

5,7 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՆՊԱՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻՆ

      2017 տարուայ առաջին եռամսեակին, Հայաստան-Արցախ հիմնադրամը 5,7 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստանին ու Արցախին:

     Հիմնադրամի ճիգերով կարելի եղած է 5,6 միլիոն տոլարի մարդասիրական դեղորայք ձեռք ձգել՝ AmericCares ($4,3 միլիոն), Direct Relief International ($1,2 միլիոն), AGAPE ($108,000) եւ զուցերիական Semra հաստատութենէն $30,000:

     28 տարիէ ի վեր Հայ Միացեալ Հիմնադրամը 747 միլիոն տոլար արժող մարդասիրական օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստանին եւ Արցախին՝ 158 օդային թռիչքներով եւ 2,344 նաւային արկղներով:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ