Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Համպուրկ քաղաքին մէջ ծրագրուած է հանդիպում Գերմանիոյ ղեկավար Անկելա Մերքելի եւ ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ, G-20ի գագաթնաժողովէն առաջ։ G-20ը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 7-8ին՝ Համպուրկի մէջ։

ՖՐԱՆՍԱ. Երկու հոգի,  զինուած ատրճանակով եւ հրաձիգով, սկսած են կրակել մզկիթէն դուրս եկողներու ուղղութեամբ Աւինիոն քաղաքին մէջ։ Վիրաւորուած է ութ հոգի, իսկ յարձակողները յաջողած են փախուստի դիմել։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ ԱՄՆի նախագահ Թրամփ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին խօսած են նաեւ Ուաշինկթընի մէջ պատահած ծեծկռտուքին մասին, որուն առիթ տուած էր Էրտողան։ Վերջինս Թրամփէն խնդրած է միջամտել հետախուզման մէջ եղող իր թիկնազօրի անդամներուն հարցին գծով եւ Թրամփ խոստացած է անձամբ  զբաղիլ այդ խնդիրով։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Տիւսելտոլֆի օդակայանէն սկսած է Ատրպէյճանի քաղաքացիներու զանգուածային արտաքսումը Գերմանիայէն։ Պատճառը այն է, որ մեծ թիւով ազերի գաղթականներ մտած են երկիր, եւ հիմա աւելի խիստ են գերմանական իշխանութիւնները։

ՌՈՒՍԻԱ. Նախագահ Փութին մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2018 երկարաձգած է արեւմտեան երկիրներու դէմ պատժամիջոցները։ Յիշեցնենք, թէ երեք շաբաթ առաջ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը կէս տարիով՝ մինչեւ Յունուար 2018 երկարաձգած էր Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատժամիջոցները։

ՎՐԱՍՏԱՆ. Մայրաքաղաք Թբիլիսիի ամենամեծ Էլիաւա շուկային մէջ ծագած հրդեհը 2500 քառակուսի մեթր տարածք այրած է։ Հիմնականին մէջ այրած են անիւներ եւ ներկեր, որոնք դժուար է մարել։

ՌՈՒՍԻԱ. Փետրուարի վերջաւորութենէն այսօր օտարերկրացի ներդրողներ աւելի քան 1,6 միլիառ տոլար դուրս հանած են, կրճատելով նաեւ ռուսական արժեթուղթերու ներդրումները։ Պատճառներէն մէկը Մոսկուա-Ուաշինկթըն մերձեցումներու չիրականանալն է, իսկ միւսը՝ Եւրոմիութեան կողմէ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու երկարաձգումը։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ. Ատրպէյճան այս տարի, մինչեւ հիմա 38 զինուոր կորսնցուցած է անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ծիրէն ներս, կը յայտնէ Կասպեան ռազմական ինստիտուտը։ Անոնցմէ 16ը մահացած է հայ-ատրպէյճանեան սահմանին վրայ, իսկ 22ը՝ խաղաղ պայմաններու տակ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ