Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Սինկափուրի հետ կապերու 25ամեակ

Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նամակներ փոխանակած են Հայաստան եւ Սինկափուր, երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին առիթով։

 

Բակօ Սահահեան 3րդ շրջան մը ե՞ւս Արցախի նախագահ

Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութիւնը պիտի առաջադրէ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը նախագահութեան պաշտօնին։ Սահակեան Արցախի նախագահն է 2007էն ի վեր, վերընտրուելով 2012ին։ ԼՂՀի սահմանադրական փոփոխութիւններուն որպէս արդիւնք, նախագահական անուղղակի ընտրութիւններ կարելի է խորհրդարանի քուէարկութեամբ՝ 2017-2020ի համար։ Իսկ 2020էն ետք դարձեալ ուղղակի պիտի ըլլան ընտրութիւնները եւ պիտի կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ համատեղ։

 

Շարմազանով. Երկկողմ կորուստներուն պատասխանատուն Ատրպէյճանն է

Այսպէս արտայայտուած է ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովը Սլովաքիոյ պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին Երեւանի մէջ։ Անոնք զրուցած են նաեւ Հայաստան-Սլովաքիա գործակցութեան ամրապնդման եւ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքին կատարուած ոտնձգութիւններուն մասին։

 

«Տարօն-Ավիա» կանոնաւոր թռիչքներ կ՚իրականացնէ Գիւմրիի օդակայանէն

Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանէն հայկական “Taron Avia” ընկերութիւնը Յունիս 30էն սկսաւ կանոնաւոր թռիչքներու դէպի Մոսկուայի «Տոմոտետովօ» օդակայան։ «Տարօն-Ավիա» Գիւմրիէն կանոնաւոր թռիչքներ ունի նաեւ Տոնի Ռոսթով, Սամարա եւ Քրասնոտար քաղաքներ։

 

Շուշի. Քանդակագործութեան 5րդ ցուցահանդէս

Յուլիս 1էն սկսեալ բաց է «Յակոբ Կիւրճեան» քանդակագործութեան 5րդ միջազգային սիմպոզիումը Շուշիի մէջ, Արցախ։ Կը մասնակցին տասը քանդակագործներ հինգ երկիրներէ։ Քանդակները տեղադրուած են «Քանդակների պուրակում»։ 2011էն ի վեր տեղի ունեցող այս սիմպոզիումին մասնակցած են քանդակագործներ Իտալիայէն, Պելճիքայէն, Խրուաթիայէն, Ճափոնէն, Զուիցերիայէն, Հնդկաստանէն, Լեհաստանէն, Պելոռուսէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն։

 

Սեւանայ լիճին ջուրը օգտագործե՞լ կամ՝ ոչ

Երեքշաբթի, Յուլիս 4ին «S.O.S. Սեւան» նախաձեռնութիւնը ՀՀ Ազգային Ժողովին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեց, ուղղուած Սեւանայ լիճէն յաւելեալ 100 միլիոն խմ. ջուր առնելու կառավարութեան առաջարկին դէմ։ Նման ցոյց տեղի ունեցած է նաեւ Սեւան-Հրազդան ջրառի մուտքին քով։ Նոյն օրը նոյն ժամերուն խորհրդարանը սկսած էր քննարկել Սեւանայ լիճէն նախատեսուած 170 մլն. խմ. ջուրէն բացի, յաւելեալ 100 միլիոն եւս օգտագործելու հարցը։ Ներկայիս Սեւանի բարձրութիւնն է 1900 մեթր եւ 87 սմ.։ Բնապահպաններ, ինչպէս «S.O.S. Սեւան» կազմակերպութիւնը դէմ են Սեւանի նահանջին…

 

«Արարատեան Պաքալորէան» բարձր գնահատականի կ՚արժանանայ

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեան ընդունելով Քէյմպրիճի համալսարանի «Քէյմպրիճի միջազգային քննութիւններ» կեդրոնի փոխտնօրէն Տէն Պրէյը տեղեկացած է, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հայալեզու պաքալորէան արժանացած է բարձր գնահատակի։ Նշենք, որ Հայաստանի կրթութեան նախարարութիւնը եւ «Այբ» կրթական հիմնադրամը հասած են այս յաջողութեան, գործակցելով Քէյմպրիճի եւ Լոնտոնի համալսարաններուն հետ։

 

Մահ՝ Ղուկաս Սիրունեանի

Մահացած է Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ, բանաստեղծ, մանկագիր Ղուկաս Սիրունեանը։ Ան 67 տարեկան էր։ Գրած է մեծերու եւ փոքրերու համար, թարգմանուած քանի մը լեզուներու։ Հեղինակ է աւելի քան 23 գիրքերու։ Թաղումը կատարուեցաւ Յուլիս 4ին, իր ծննդավայրին մէջ՝ Արագածոտն մարզի Ուջան գիւղ։ Անոր «Բաց արէք, ես եմ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն 2016ին արժանացած է նախագահ Սարգսեանի գրական մրցանակին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ